«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, խախտելով գերիներու նկատմամբ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը, անգամ մը եւս կեղծ դատավարութիւն սկսած են` այս անգամ Դաւիթ Տիգրանի Դաւթեանի եւ Գէորգ Ռուբէնի Սուճեանի դէմ:
Հայերու դէմ յարուցուած քրէական գործի հետաքննութիւնը աւարտած է: Անոնք մեղաւոր ճանչցուած են Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 276-րդ (լրտեսութիւն) յօդուածով:
Բոլոր մեղադրական նիւթերը ուղարկուած են ծանր յանցագործութիւնները քննող Պաքուի դատարան:
Նախնական լսումները նշանակուած են 14 Յուլիսին: