«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն հրապարակեց 5 Յուլիսին սահմանադրութեան օրուն առիթով. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր մեր երկրի կարեւորագոյն խորդանիշներէն մէկուն` ՀՀ Սահմանադրութեան օրն է: 5 Յուլիս 1995-ին, համապետական հանրաքուէով ընդունուած ՀՀ Սահմանադրութիւնը, ըստ էութեան, վերահաստատեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրում արտացոլուած` անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, զարգացող եւ բարգաւաճող հայրենիք, բարեկեցիկ եւ համերաշխ հասարակութիւն, ազատ եւ արժանապատիւ քաղաքացի ունենալու մեր հաւաքական իղձերն ու արժէքները: ՀՀ Սահմանդրութեամբ ամրագրուեցան մեր պետութեան կառավարման եւ պետութեան կառուցման ամենաէական սկզբունքները` իրաւական, ընկերային եւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու մեր յանձնառութիւնը: Հետագային, նկատի առնելով երկրի զարգացման եւ կառավարման համակարգի միտումները, 2005 եւ 2015-ին հանրաքուէներով Սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարուեցան, սակայն ազգային կայուն, ժողովրդավարական պետականութիւն եւ իրաւական երկիր ունենալու մեր հաւաքական ձգտումները մնացին անառարկելի: Նախընթաց տարիներուն, որոշ բացթողումներու կողքին, պէտք է նշենք, որ մեր Մայր օրէնքը կեանքի կոչելու ուղղութեանբ քիչ գործ չէ կատարուած․ Սահմանդրութեանբ ամրագրուած ձեւաչափերն ու սկզբունքները նպաստած են պետական հիմնարկներու հաստատման, խթանած են իրաւական դաշտի բարեփոխումները: Սահմանադրութեան օրը նաեւ բացարձակ արժէք հանդիսացող այս փաստաթուղթի գնահատման եւ մեր պետական ու քաղաքացիական գիտակցութեան մէջ վերջինիս արժեւորման օրն է: Աւաղ, վերջին երկու-երէք տարիներուն երկրի քաղաքական ղեկավարութեան եւ քաղաքական մեծամասնութեան կողմէն որդեգրուած քայլերն ու արձանագրուող արդիւնքները կը վկայեն, որ երկրին մէջ Սահմադրական կարգի եւ ձեւաչափերու խախտման փաստերը բազմաթիւ են եւ համակարգային: Խաթարուած է իրաւական երկրի հիմքերն ու ժողովուրդի իշխանութեան վրայ հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան արժեհամակարգը, կասկածի տակ է երկրի ինքնիշխանութիւնն ու անոր հետագայ զարգազման ընթացքը: Այս ամէնուն բացասական հետեւանքները ազդած են նաեւ երկրի միջազգային վարկանիշին վրայ: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Սահմանադրութեան օրը անգամ մը եւս կը պարտաւորեցնէ «Հայաստան» դաշինքին աւելի ուժգնացնել մեր պետականութեան հետագայ կազմաքանդումը կասեցնելու մեր պայքարը, ջանքեր չխնայելու, որ ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ձեւաչափերն ու իրաւունքները իրական եւ շօշափելի դառնան Հայոց պետականութեան եւ ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիին համար: Մենք միասին պիտի կառուցենք ուժեղ, ընկերային եւ իրաւական երկիր, որուն քաղաքացին ըլլալու հպարտութիւնը մեզմէ անբաժան պիտի ըլլայ: