«Արմէնփրէս».- 93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հանրայայտ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան: Ճիւան Գասպարեան ծնած է Կոտայքի մարզի Սօլագ գիւղը 1928-ին: Դժուար մանկութիւն ունեցած է, որովհետեւ մայրը շուտ մահացած է, իսկ հայրը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած է: Այդ պատճառով մեծցած է որբանոցի մէջ: Տուտուկ սկսած է նուագել վեց տարեկանին: 1947-ին մեկնած է Մոսկուա ազգային սիրողական համոյթին հետ, ուր համերգէն վերջ Ստալինէն ստացած է «Փոպետա» ժամացոյց: 1956-ին կը ստանայ առաջին մրցանակը, 1959-ին` առաջին ոսկէ մետալը, չորրորդ միջազգային փառատօնին` ՄԱԿԳՄԻ (UNESCO) հովանաւորութեամբ: Նոյն մրցոյթին մասնակցելով` 1962-ին ստացած է արծաթէ մետալ, 1973-ին` պրոնզէ, 1973-ին արժանացած է ՀՀ Ազգային արուեստագէտ պատուաւոր կոչումին: 1988-էն սկսած է միջազգային երաժշտական գործունէութեան: Ճիւան Գասպարեան մասնակցած է համաշխարհային ճանաչում վայելած ֆիլմերու երաժշտութիւններու ստեղծումին` «Քրիստոսի Վերջին Չարչարանքները», «Ռոնին», «օնեկին», «Կլատիաթոր», «Սիրանա», «Արիւնոտ Ադամանդ», «Ձիւն եւ Մոխիր» եւ այլն: Արձանագրած 20-է աւելի ձայնասկաւառակ, ունի 1000-է աւելի ձայնագրութիւն, նուագած է մօտաւորապէս 20.000 համերգային ծրագիրի ընթացքին: