6 Յուլիսին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովի ընդունած յայտարարութիւնը:

Ասուլիսի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ընտրութիւններէն վերջ կը շարունակուին համատարած բռնաճնշումները բոլոր այն անձերուն հանդէպ, որոնք չեն քուէարկած այսօրուան իշխանութեան:

«Մեծ մասամբ կը շարունակուին ապօրինի ճնշումները ընտրուած համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ․ որով փորձ կը կատարուի քանդելու նաեւ Տեղական Ինքնակարավարման Մարմնի հիմնարկը եւ  դարձնելու նշանակովի, կան արդէն բազմաթիւ ակնյայտ ճնշումներ բոլոր այն համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ, որոնք մաս կազմած են  «Հայաստան» դաշինքին կամ ունեցած են այլ դիրքորոշում, որ տարբերուած է գործող իշխանութեան դիրքորոշումէն», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ ակնյայտ ճնշումներ կը շարունակուին նաեւ հանրային ծառայողներուն նկատմամբ:

«Մենք այս բոլորը կ’արձանագրենք, կը հաւաքագրենք, պիտի տրամադրենք նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, եւ պիտի ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերը մեր համակիրներուն եւ աջակիցներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար», ըսաւ  Իշխան Սաղաթէլեան:

«Կապ չունի, թէ ո՛ր կուսակցութեան անդամ են, եթէ իշխանութիւններուն թելադրանքը չեն կատարած, կը կանչեն համայնքի ղեկավարները եւ կը պահանջեն, որ հրաժարական տան», ըսաւ ԳՄ ներկայացուցիչը:

Ան դիտել տուաւ, որ ասոր նպատակը յառաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններէն առաջ համայնքի այդ ղեկավարները մեկուսացնելն է, իրենց փոխարէն նշանակելը ԺՊ-ներ, որոնք պիտի ըլլան իշխանութիւններուն հլու-հնազանդ անկարող մարդիկ, որպէսզի մէկ-երկու ամիսէն  ՏԻՄ ընտրութիւններու մէջ արձանագրեն յաղթանակ:

Տարբեր քրէական գործերով, ճնշումներով վախցնելով` կը փորձեն հասնիլ գործող համայնքապետներու հրաժարականին:

«Ժողովրդավարութեան մասին յաճախ խօսող, ժողովուրդի թիկունքը թաքնուած իշխանութիւնը կապ չունի ժողովորդին հետ, այս մարդիկը կը փորձեն հասնիլ մէկ անձի բռնապետութեան, որ թոյլ պիտի չտանք», ըսաւ  Իշխան Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեան ըսաւ, որ երկրին մէջ  ճգնաժամը յաղթահարուած չէ, եւ այս իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը կործանարար է երկրի համար, հետեւաբար մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք ամբողջ թափով:

Ան վստահեցուց, որ խորհրդարանական այս ընդդիմութիւնը պիտի տարբերի մինչեւ հիմա   եղած բոլոր ընդդիմութիւններէն, փողոցը իրենց համար նոյնպէս պիտի մնայ կարեւոր, բոլորը պիտի տեսնեն աննահանջ եւ վճռական պայքար:

«Մենք խորհրդարանին մէջ օր ու արեւ պիտի չտանք այս իշխանութիւններուն: Ի դէմս «Հայաստան» դաշինքին պիտի ունենանք խումբ, որ պիտի պայքարի իշխանութիւններուն դէմ խորհրդարանական ընդդիմութեան գործիքակազմի ամբողջութեամբ օգտագործելով», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Մանդատներու բաշխումը ինչպէս պիտի կատարուի` Սաղաթէլեան  ըսաւ պիտի քննարկեն Սահմանադրութեան Դատարանի  որոշումէն վերջ:

«Կը բացառուի, որ միայն ՀՅԴ-ն մտնէ խորհրդարան, որոշումը պիտի առնէ «Հայաստան» դաշինքը եւ որոշումը պիտի ըլլայ ամբողջական: Երբեք կարելի չէ  գործընկերներէն մէկը առանձին դիրքորոշում ունենայ, որոշումը պիտի  ընդունուի միատեղ եւ վերջնական որոշումը կ’ընդունինք ՍԴ որոշումէն վերջ : Անկէ վերջ մենք պիտի հաստատենք մեր վերջնական որոշումը: Այդ որոշումը պիտի բխի մեր պայքարի յաջողութեան տրամաբանութենէն: Եթէ մենք կու գանք եզրակացութեան, որ այդ մանդատները վերցնելով` մեր պայքարին նոր ուժ պիտի տանք, պիտի օգտուինք նաեւ խորհրդարանական պայքարի գործիքներէն, որոնք լրացուցիչ լծակ եւ կարելիութիւն են մեր պայքարին ուժ տալու, ընդլայնելու եւ այս չարիքի կառավարութեան դէմ աւելի լայնածաւալ պայքարելու, ուրեմն պիտի ընթանանք այդ տարբերակով, պիտի վերցնենք մանդատները ու մեր պայքարը պիտի շարունակենք: Որոշում ընդունելու հիմքը դրուած պիտի ըլլայ մեր պայքարի յաջողութեան տրամաբանութիւնը», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ խորհրդարան չերթալու քննարկումներ, յատկապէս սկզբնական օերուն, նոյնպէս եղած են, հիմա հակուած պիտի երթան տարբերակին, բայց իրենց վերջնական որոշումը պիտի յայտնեն ՍԴ որոշումէն վերջ:

Ան ըսաւ, որ իրենք չեն բաժնեկցիր միջազգային կազմակերպութիւններու գնահատականը, որ ընտրութիւնները անցած են առանց զգալի խախտումներու,անոնք պարտաւոր էին գնահատական տալ Փաշինեանի մուրճով քարոզարշաւին, ոչ թէ ըսէին, որ ատելութեան խօսքը երկկողմանի էր:

,հայաստանէ դաշինքը նախընտրական քարոզչութեան ընթացքում վարչական ռեսուրսներ չի օգտագործել․ շեշտեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը:

Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային քոմպինաթ» ՓԲԸ-ի աշխատակիցներուն` «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքին մասնակցութեան մասին տեղեկատուութեան, Սաղաթէլեան հաւաստիացուց, որ կատարած են ընդմիջումի ժամուն:

Ըստ օրէնքին, ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ,  սահմանադրական փոփոխութիւններով ամրագրուած պահանջ է, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանելով հարցումին` արդեօ՞ք ընդունելի է որ ան ըլլայ ԱԺ փոխնախագահ «ազգադաւ իշխանութեան» պարագային:

Ան վստահեցուց` ի դէմս «Հայաստան» դաշինքի որեւէ գործակցութեան, քուլիսային համաձայնութեան այս իշխանութեան եւ խորհրդարանական խմբակցութեան հետ պիտի չերթան, պարզապէս կը բացառեն:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ 20 Յունիսի ընտրութիւններուն տեղի  ունեցած են այնպիսի ծաւալային խախտումեր, որոնք չեն կրնար արտացոլել հասարակութեան տուած վստահութեան քուէներու իրական պատկերը:

Արծուիկ Մինասեան դիտել տուաւ, որ Սահմանադրական Դատարանէն կ’ակնկալեն, որ 15-օրուան  ժամկէտով, որ ունի իր որոշումը հաստատելու համար, պիտի կարենայ իր մէջ ուժ գտնել գնահատելու ներակայացուած ապացոյցները եւ  ճշգրիտ որոշում տալու:

Ան  յոյս յայտնեց, որ ՍԴ-ն  պիտի ներգրաւէ նաեւ  շարք մը պետական մարմիններ, որոնք պարտաւոր էին կանխելու խախտումները, բայց քայլերու  չեն ձենարկած:

Արծուիկ Մինասեան մէջբերեց Քրէական  օրէնքի․ 143 յօդուածը, որ կը սահմանէ, որ մարդու իրաւունքների խախտումը` կապուած է անոր  լիազօրութիւներուն հետ, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, քրէական պատասխանատուութիւն  նախատեսած է` բանտարկութիւն 2 տարի ժամկէտով եւ որոշակի պաշտօններէն զրկում, հետեւաբար, ընդդիմութեան կարեւոր գործերէն մէկը  յանցագործութիւններու մասին հաղորդումներով հեղեղելը պիտի ըլլայ:

Ան խօսեցաւ  նաեւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային քոմպինաթի ախատակիցներու հասցէին սպառնալիքներու մասին․ըսաւ, որ անկախ անկէ` այդ կարգի յայտարարութիւններ կը կատարէ Նիկոլ Փաշինեան, թէ այլ պաշտօնատար անձեր, անոնք կը համարուին քրէական յանցագործութիւններ:

Որեւէ  դաշնակցականի նպատակը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումն է, երբ որ կը հասնինք անոր, նոր մեր պայքարը կը դադրի, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արգիշտի Գէորգեան պատասխանելով հարցումին, թէ մինչեւ երբ պիտի պայքարի Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցը: