12-ամ­եայ եղ­բայր Գօ­գօն առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի մաս­նակ­ցէր տո­ղանց­քի: Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րը խլած էին իր­մէ գայ­լի­կա­կան ար­շաւ­նե­րու, բա­նա­կում­նե­րու եւ տո­ղանցք­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու հա­ճոյ­քը, ըն­կե­րա­յին ճոխ կեան­քի համն ու հո­տը:
Ան աշ­խոյժ եւ տի­պար պա­տա­նի մըն էր: Հա­սակ առած ազ­գա­սէր ըն­տա­նի­քի մը մէջ: Հան­գուց­եալ մեծ հայ­րի­կը՝ եղբ. Գօ­գօ Պզ­տիկ­եա­նը ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բի հիմ­նա­դիրն էր, ար­ժա­նա­ցած միութ­եան «Ծա­ռա­յու­թեան» շքան­շա­նին: Իսկ մօ­րը հայ­րը, որ վեր­ջերս իր հո­գին աւան­դեց, ամէն Կի­րա­կի Գօ­գո­յին սկաու­տա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան տա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը ստանձ­նած էր, եւ ո՛չ միայն Գօ­գո­յին, այ­լեւ իր ըն­կեր­նե­րուն, որոնց հա­ւա­քե­լով ակումբ կը հասց­նէր, յոր­դո­րե­լով, որ իրենց ժա­մա­նա­կը լա­ւա­պէս օգ­տա­գոր­ծեն եւ ազ­գօ­գուտ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ հարս­տաց­նեն:
Կի­րա­կի առ­տու մը Գօ­գօն կա­նուխ արթն­նա­լով մօր­մէն խնդ­րեց, որ միու­թեան շու­շա­նա­ծա­ղի­կին կեր­պը կա­րէ սկաու­տա­կան շա­պի­կին վրայ: Ապա հա­գաւ սկաու­տա­կան տա­րա­զը, գլ­խուն վրայ տե­ղա­ւո­րեց գլ­խար­կը եւ մէջ­քին կա­պեց սկաու­տա­կան գօ­տին, պինդ պա­հե­լով մար­մի­նը:
Ապա ան­տեղ­եակ շեշ­տով մը հար­ցուց մօ­րը.
– Մա՛մ, ի՞նչ պի­տի բարձ­րաց­նենք, ո՞ւր պի­տի բարձ­րա­նանք, Արա­րատ լե՞ռ:
Մայ­րը կա­րած պա­հուն բա­ցատ­րել սկ­սաւ ՀՄԸՄ-ի նշա­նա­բա­նին՝ «Բարձ­րա­ցիր-Բարձ­րա­ցուր»ին իմաս­տը, յայտ­նե­լով, որ իւ­րա­քան­չիւր ՀՄԸՄ-ական աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ բարձր դիր­քե­րու կը հաս­նի եւ մի­ա­ժա­մա­նակ օգ­նու­թեան ձեռք կ’եր­կա­րէ եւ կը բարձ­րաց­նէ իր եղ­բայ­րը:
Գօ­գօն հե­տաքրք­րու­թեամբ ականջ տուաւ մօ­րը  բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն: Ապա մեկ­նե­ցաւ փոր­ձի: Պա­տաս­խա­նա­տու եղ­բայր­նե­րը իրեն սոր­վե­ցու­ցին տո­ղանց­քի կշ­ռու­թա­ւոր քայ­լե­րը: Սկիզ­բը, ան խում­բի իր եղ­բայր­նե­րուն հետ թոյլ, սո­վո­րա­կան քայ­լե­րով կը տո­ղան­ցէր, կար­ծէք տեղ մը հաս­նե­լու ճի­գի մէջ էր: Մաս­նա­ճիւ­ղի խմ­բա­պե­տը շեշ­տա­կի թե­լադ­րեց.
– Քայ­լերդ հա­մար­ձակ նե­տէ՛, ամ­րօ­րէն զա՛րկ ներ­բան­ներդ գետ­նին: Ձա՛խ, ձա՛խ, ձա՛խ,ա՛ջ,ձա՛խ….խո՜ւմբ կաց… 1-2-3:
Քա­նի մը վայրկ­եան անց Գօ­գո­յին քայ­լե­րը փոխ­ուե­ցան, ճա­կա­տը ուղ-ղ­ուե­ցաւ արե­ւին, դէմ­քը լու­սա­ւոր­ուե­ցաւ ու նայ­ուած­քը ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չեց: Ամչ­կոտ պա­տա­նին հաս­տա­տուն քայ­լե­րով, հանգր­ուան մը նուա­ճո­ղի հա­մար­ձա­կու­թեամբ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէր այ­լեւս:
Հա­սաւ տո­ղանց­քին օրը: Գօ­գօն երբ տե­սաւ իրեն նման ՀՄԸՄ-ական հա­րիւ­րա­ւոր եղ­բայր­ներ Սուր­իոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն, նոյն տա­րազ­նե­րով, նոյն ու­ժեղ քայ­լե­րով՝ խո­րունկ շունչ մը քա­շեց, իր պատ­կա­նե­լիութ­եան լր­ջու­թիւնը զգա­լով ժպ­տե­ցաւ, ՀՄԸՄ-ի մեծ ըն­տա­նի­քին մաս կը կազ­մէր ան ու պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նէր իրեն վս­տահ­ուած:
Երբ փո­ղե­րա­խում­բե­րու ու­ժեղ ձայ­նը հն­չեց, Գօ­գօն խո­րունկ շունչ մը քա­շեց ու ման­կու­թեան սոր­ված իր եր­գե­րը յի­շո­ղու­թեան պաս­տառ­նե­րը բա­ցին: Անզ­գա­լա­բար եր­գել սկ­սաւ:
Միու­թիւնը ուժ է, երբ կազ­մա­կերպ­ուած աշ­խա­տան­քով կը պսակ­ուի:
Գօ­գօն այս­պի­սի հրճ­ուանք չէր ապ­րած: Ան տեղ­եակ չէր, որ նման մե­ծա­թիւ մաս­նա­կից­նե­րով տո­ղանցք­ներ, հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ բա­նա­կում­ներ կը մէկ­տե­ղէ­ին Սուր­իոյ բո­լոր շր­ջան­նե­րու ՀՄԸՄ-ական­նե­րը եւ առիթ կը ստեղ­ծէ­ին նոր քոյ­րե­րու եւ եղ­բայր­նե­րու հետ ծա­նօ­թաց­ման: Այլ խօս­քով, Գօ­գօն հասկ­ցած էր այ­լեւս, որ ՀՄԸՄ-ական ըլ­լա­լով գոց սրահ­նե­րէն դուրս պի­տի գար դէ­պի դաշտ եւ բնու­թիւն, սոր­վե­լու սկաու­տա­կան չար­քաշ կեան­քը, խրոխտ քալ­ուած­քը եւ իմա­նա­լու ըն­կե­րա­յին, վե­հանձն մարդ դառ­նա­լու գաղտ­նի­քը:
Գօ­գօն հի­մա նո­րոգ­ուած ոգի­ով ու նե­րաշ­խար­հով կը յա­ճա­խէ ՀՄԸՄ-ի դաշտ, ակումբ, իր մեծ հայ­րե­րուն ճամ­բան հասկ­ցած է այ­լեւս:
ՀՄԸՄ-ի միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանցք-փա­ռա­տօ­նը միայն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն չէր, Գօ­գո­յին եւ իր սերն­դա­կից­նե­րուն դի­մաց նոր գոյ­ներ, նոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցած էր: Անոնց մատ­ղաշ միտքն ու հո­գին հարս­տա­ցու­ցած էր:
Մարինա Պօղիկեան