Լոյս տեսած է «Վէմ» հանդէսի 2021-ի 2-րդ թիւը, ուր նեղ ակադեմական բնոյթ ունեցող ուսումնասիրութիւններու կողքին տեղ գտած են մեր հասարակութիւնը յուզող ցաւոտ հիմնահարցեր եւ մոռացութեան մատնուող տարեթիւերուն վերաբերուող հրապարակումներ: Մասնաւորապէս` իր Խմբագրականին միջոցով «Վէմ» հանդէսը կը փորձէ մեր հասարակութեան յիշեցնել ՀՀ անկախութեան 30-րդ տարեդարձին մօտենալը: Բայց ոչ թէ 30-ամեակի ծաւալուն ամփոփումն է, այլ իւրայատուկ «ճամբաբաժանի» յստակեցում, որուն առջեւ կանգնած ենք վերջին պատերազմէն վերջ: Անցնող պատերազմի պատմականացումին միջոցով գիտական ընկալման հիմքերը դնելու փորձ է Դաւիթ Ռ. Մոսինեանին` ծաւալով ոչ մեծ հրապարակումը: Հեղինակը այդ ճամբով ուզած է բացայայտել զոհի բարդոյթի յաղթահարման ուղիները: Արդիական հնչեղութիւն ունին Հայաստանի ողնաշար Սիւնեաց աշխարհի հնագոյն շրջանի պատմութեան ու մանաւանդ հերոսական տարեգրութեան նուիրուած Արմէն Է. Պետրոսեանի եւ Աւագ Ա. Յարութիւնեանի ուսումնասիրութիւնները: Վերջինս փորձած է մէկ հրապարակման մէջ «խտացնել» Լեռնահայաստանի հերոսամարտի ու անոր մէջ Գարեգին Նժդեհի դերակատարութեան պատմութիւնը, որուն 100-ամեակը պատշաճ կերպով չնշուեցաւ: Մեր ազգային յիշողութեան խորքային շերտերուն մէջ առկայ արտաքին ազդեցութիւններու նրբերանգները կը շօշափուին Վարդան Ա. Ալեքսանեանի` հայ-բիւզանդական եկեղեցական հակամարտութեան նուիրուած յօդուածին եւ Շահէ Ծ. վրդ․ Անանեանի` ուշագրաւ ուսումնասիրութեան մէջ: եւ վերջապէս` հնագէտ Աշոտ Գ. Մանուչարեան բացայայտած է Տաշիր-Ձորագէտի Կիւրիկեան թագաւորութեան Շամշուլտէ կամ Սամշուիլտի քաղաք-ամրոցէն փրկուած վերջին հայկական նշխարին` Վրաստանի Թեթրիծղարոյ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ պահուող 1051-ի արձանագիր խաչքարին գոյութիւնը: «Վէմ» հանդէսի 2021-ի 2-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ ուշագրաւ այլ հրապարակումներ եւս: