“Էրմէնիհապեր”._15 Դեկտեմբեր 2020_ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարարները փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրած էն Իկտիր-Նախիջևան կազատարի կառուցման առնչութեամբ: Այս նախագիծը նպատակ ունի Թուրքիոյ տարածքով նոյնպէս կազ հասցնել Ատրպէյճանի հետ ցամաքային սահման չունեցող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն: Իկտիր-Նախիջեւան կազատարի Թուրքիոյ հատուածի երկարութիւնը կը կազմէ 85 քմ եւ անոր կառուցումով ամբողջութեամբ կը բաւարարուի մօտաւորապէս կէս միլիոն բնակչութիւն ունեցող Նախիջեւանի բնական կազի պահանջարկը։ Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, այս կազատարի աշխատանքները մեկնարկած էին Սեպտեմբեր 2020_էն։ Այժմ թրքական կողմը նախապատրաստական աշխատաքները աւարտին հասցուցած է: Աւարտելով երթուղիի նախագիծին հետ կապուած բոլոր աշխատանքները՝ Թուրքիան նոր կազատարի համար նախագծուած ճարտարագիտական տուեալներու հաստատման համար կը սպասէ ատրպէյճանական կողմի համաձայնութեան: Նշուած է, որ շուտով ատրպէյճանական «SOCAR» պետական նաւթակազային ընկերութիւնը երկրի իշխանութիւններէն համաձայնութիւն ստանալէ վերջ պիտի սկսի կազատարի նախիջեւանեան բաժինի կառուցման աշխատանքները: