«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի աշխատակազմի լրատուութեան ու հաղորդակցութիւններու գրասենեակը ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին` Թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքին մէջ ցուցահանդէս բացած էր «Հայ ահաբեկիչներու կողմէն սպանուած» դիւանագէտներու մասին: Այդ ցուցահանդէսին հակահայ ելոյթով հանդէս եկած է Էրտողանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն: Օրերս «YouTube»ը հեռացուցած է Ալթունի ելոյթին տեսանիւթը, յայտնելով, որ ան ատելութեան խօսք կը պարունակէ: «YouTube» -ի վարչակազմին այս որոշումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ եւ խիստ վրդովեցուցած է Ալթունը: Ալթուն, անդրադառնալով դէպքին, «Twitter»-ի վրայ բողոք ներկայացուցած է «YouTube»-ին դէմ` շեշտելով, որ տեսանիւթի հեռացման որոշումը երկերեսայնութիւն է եւ ընկերութիւնը առաջնորդուած է երկակի համակարգով: «YouTube»-ը, որ անտեսած է իսլամի եւ մաճմետականներու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքերը, թուրք դիւանագէտները սպանած ոճրագործ ահաբեկիչներու մասին մեր ըսածները ատելութենէ դրդուած յանցագործութիւն համարած է: Ձեզի համար հաճելի է, թէ ոչ, ամէն առիթով պիտի ըսենք, որ ահաբեկչութիւնը չունի կրօն, լեզու եւ փոքրամասնութիւն: Անգամ մը եւս նկատեցինք, որ ինչպէս ամէն բնագաւառի մէջ, նաեւ մետիայի եւ հաղորդակցութան ոլորտին մէջ մեզի անհրաժեշտ են տեղական եւ ազգային հարթակներ: Կեցցէ ճշմարտութիւնը»,գրած է ան: Ակնարկելով «տեղական եւ ազգային մետիահարթակներուն» ձեւաւորման անհրաժեշտութեան, Ալթուն անուղղակիօրէն ըմբոստացած է «YouTube»ին դէմ: Յատկանշական է, որ սա «YouTube»-էն Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող ստայօդ տեսանիւթերու հեռացման առաջին դէպքը չէ: YouTube-ը նախապէս նոյնպէս հեռացուցած է թուրք պաշտօնեաներուն եւ քաղաքացիներուն` Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ատելութեան խօսք պարունակող տեսանիւթերը: Վերջին օրինակներն են` թուրք պաշտօնաթող ծովակալ Ճիհատ Եայճըի եւ ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան պատգամաւոր Մահմուտ Քոչաքի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ հակահայկական բնոյթ ունեցող յայտարարութիւնները: Նկատենք, որ Եայճըն տեսանիւթով հերքած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, փոխարէնը պնդելով, թէ «հայերը իսլամներ սպանած են», իսկ պատգամաւոր Քոչաք քննադատած էր ԱՄՆ նախագահ Պայտընը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելուն համար: