ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
Լու­րեր Սուր­իոյ Մար­զա­կան Կեան­քէն
– Հինգ­շաբ­թի օր Դա­մաս­կոս ժա­մա­նեց Սուր­իոյ  ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի նո­րան­շա­նակ մար­զիչ Նի­զար Մահ­րու­սը՝ ստանձ­նե­լու հա­ւա­քա­կա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­ու­թիւնը: Ան փակ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի մի­ա­սին  ծրագ­րեն  յա­ռա­ջի­կայ շր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը: Յա­ջորդ օրը ան մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց իր առա­ջարկ­նե­րը:
– Դա­մասկ­ոսի Ուահ­տէն եւ Հոմ­սի Քա­րա­մէն հա­սան Սուր­իոյ պաս­քե­թի աւար­տա­կան մր­ցու­մի փուլ: Կազ­մե­րը պի­տի հան­դի­պին երեք ան­գամ. եր­կու յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րո­ղը պի­տի դառ­նայ Սուր­իոյ Ախոյ­եան:
– Դա­մաս­կո­սի Ուահ­տէի աղջ­կանց պա­տա­նե­կան խում­բը տի­րա­ցաւ Սուր­իոյ ախոյ­եա­նու­թեան՝ աւար­տա­կան մր­ցու­մին պար­տու­թեան մատ­նե­լով Հա­լէ­պի Հուրի­էն, իսկ Ճա­լ­աա գրա­ւեց մր­ցա­շար­քի եր­րորդ դիր­քը:
– Սուր­իոյ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը նե­րու­մի յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կեց Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող Ու­մար Խու­րէյ­պի­նին առն­չու­թեամբ: Ան յա­ռա­ջի­կայ շր­ջա­նին իրա­ւունք պի­տի ու­նե­նայ մաս կազ­մե­լու հա­ւա­քա­կա­նին:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
Իտալ­իա դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի Ախոյ­եան
Եւ­րո­պա­յի ֆութ­պո­լի  2020-ի առաջ­նու­թեան եզ­րա­փա­կի­չին  Իտալ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը 11 մեթ­րի հար­ուած­նե­րով պարտւ­թեան մատ­նեց  Անգլ­իոյ կազ­մը եւ հռ­չակ­ուե­ցաւ ախոյ­եան:
Լոն­տո­նի «Ուեմպ­լի» մար­զա­դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խա­ղը սկ­սաւ հո­ղա­տէ­րե­րու յա­ջո­ղու­թեամբ. անոնք երկ­րորդ վայրկ­եա­նին նշա­նա­կե­ցին իրենց կո­լը՝ պաշտ­պա­նո­ղա­կան խա­ղա­ցող Լիւկ Շաու­նի մի­ջո­ցաւ: Առա­ջին խա­ղա­կի­սուն, ինչ­պէս նա­եւ երկ­րոր­դի սկիզ­բին, խա­ղին առա­ւե­լա­բար տի­րա­պե­տած էին  իտա­լա­ցի­նե­րը, սա­կայն անոնք եր­կար ժա­մա­նակ չկըր­ցան ցն­ցել մր­ցա­կի­ցին դար­պա­սը.  67-րդ վայրկ­եա­նին, հիւ­րե­րը նշա­նա­կե­ցին հա­ւա­սա­րու­թեան գն­դա­կը: Կո­լէն ետք Անգլ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը սկ­սաւ աւե­լի աշ­խուժ խա­ղալ, բայց անոր բո­լոր յար­ձա­կում­նե­րը ապար­դիւն մնա­ցին: Հան­դի­պու­մի հիմ­նա­կան եւ լրա­ցու­ցիչ ժա­մա­նակ­նե­րը 1-1 հա­ւա­սար աւար­տե­լով խում­բե­րը դի­մե­ցին 11 մեթ­րի հար­ուած­նե­րուն, իտա­լա­ցի դար­պա­սա­պա­հը խի­զա­խօ­րէն կր­ցաւ փր­կել կազ­մին դար­պա­սը եւ բա­ժա­կը նուի­րել Իտալ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նին:
ԱՐ­ԺԱՆ­ԹԻՆ ՔՈ­ՓԱ ԱՄԵ­ՐԻ­ԿԱ­ՅԻ ԲԱ­ԺԱ­ԿԻՆ ԱՐ­ԺԱ­ՆԱ­ՑԱՒ
Ար­ժան­թի­նի ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի աւագ Լի­ո­նէլ Մե­սսին վեր­ջա­պէս ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին հետ կր­ցաւ տի­րա­նալ բա­ժա­կի մը: Պրա­զի­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Քո­փա Ամե­րի­կա­յի աւար­տա­կան մր­ցու­մին Ար­ժան­թին 1-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց հիւ­րըն­կալ Պրա­զի­լը: Հան­դի­պու­մի մի­ակ կո­լը նշա­նա­կեց Ան­խէլ տի Մար­ի­ան՝ 22-րդ վայրկ­եա­նին: Այս­պի­սով, Ար­ժան­թին 15-րդ ան­գամ ըլ­լա­լով կր­ցաւ ձեռք ձգել  Ամե­րի­կա­յի գա­ւա­թը եւ այդ ցու­ցա­նի­շով հա­ւա­սա­րե­ցաւ Ու­րուկ­ուէ­ին: Ան  վեր­ջին ան­գամ մր­ցա­նա­կի տի­րա­ցած էր 1993-ին: Պրա­զիլ այս մր­ցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած է 9 ան­գամ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ