Երկուշաբթի, 19 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իտլիպի հարաւային «Ճապալ Զաուիէ» շրջանին մէջ կայք հաստատած «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծեցին Համայի հիւսիսային արուարձանի «Նաաուր Շաթհա» գիւղը, որուն հետեւանքով նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։
Նախօրօք, «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները ական պայթեցուցին Համայի հիւսիսային Մահարտէ շրջանին Թալ Մոհ աւանին մէջ, որուն հետեւանքով զոհ մը արձանագրուեցաւ։