«Ապառաժ».-18 Յուլիսին, Ստեփանակերտի ՀՅԴ Նիկոլ Դուման կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՄԸՄ վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութիւնը ՀՄԸՄ-ի հիմնական նպատակներէն է: Մեկնելով առողջ միտքով, մարմինով եւ հոգիով սերունդներ դաստիարակելու կարեւորութենէն` կազմակերպութիւնը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
«Արցախի մէջ պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան հարցը եւս ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն գերակայ ուղղութիւններէն է», ըսած է ան:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Դաւիթ Իշխանեան յիշեցուց, որ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ը` որպէս ՀՅԴ ուղեկից կառոյց, իր աշխատանքները սկսած է Օգոստոս 1919-էն սկսեալ: Դ. Իշխանեան մասնաւորապէս իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներու վերսկսումը պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակներու մէջ այսօր աւելի եւս կարեւոր կը համարուի` նկատի ունենալով Արցախի մէջ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած հարցերը:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԱՀ նախագահի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեան, ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Օշին Փիրումեան, Դաւիթ Յակոբեան, եւ Սանտրա Վարդանեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ Արա Պուլուզեանն ու Ալեօնա Դադամեան:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով` ՀՄԸՄ-ի Արցախի վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ: