ԱՄՆ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը հա­ղոր­դած է, որ ԱՄՆ Ծե­րա­կոյ­տի  ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ռո­պերթ Մե­նեն­տես Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րաս­իոյ հար­ցե­րով պետ­քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նով Քե­րըն Տոնֆ­րայ­տի թեկ­նա­ծու­թեան հաս­տատ­ման լսում­նե­րու ըն­թաց­քին իր մտա­հո­գու­թիւնը յայտ­նած է նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի վար­չա­կազ­մի կող­մէն «Ազա­տու­թեան Աջակ­ցու­թեան Ցոյ­ցի» 907-րդ ուղ­ղու­մէն հրա­ժա­րե­լու որո­շու­մին առն­չու­թեամբ:
«Ատր­պէյ­ճա­նը այժմ սահ­մա­նա­յին վէ­ճի հե­տե­ւան­քով ներ­խու­ժած է Հա­յաս­տա­նի ֆի­զի­քա­կան տա­րածք, եւ ես կը կար­ծեմ՝ ան կը շա­րու­նա­կէ իր յար­ձա­կո­ղա­կան վար­քա­գի­ծը, որով­հե­տեւ յս­տակ ու­ղերձ չէ ստա­ցած այն մա­սին, ինչ որ անըն­դու­նե­լի է», ըսած է Մե­նեն­տես: