16-17 Յուլիսին գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երեւանի կառոյցի Քաղաքային 26-րդ հերթական ժողովը: Ժողովը անդրադարձ կատարեց Քաղաքային կոմիտէի երկամեայ աշխատանքներուն եւ նախանշեց յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ուղեգիծը:

Ժողովը քննարկեց Երեւան քաղաքի մէջ տիրող իրավիճակը եւ որոշեց Երեւանի եւ երեւանցիներու հարցերը շարունակաբար բարձրաձայնել եւ հետամուտ ըլլալ, որ քաղաքային իշխանութիւնները տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութիւններուն:

Քննարկումներու աւարտին ժողովը ընտրեց նոր Քաղաքային կոմիտէ հետեւեալ կազմով․ Սարգիս Կարապետեան (ներկայացուցիչ), Ժիրայր Պէօճէքեան(նախագահ), Մեղրիկ Ճուլհայեան, Դաւիթ Նաւոյեան, Արտակ Աղբալեան, Արմէն Յարութիւնեան, Արմէն Մուշեղեան, Սեւան Արթին, Կարին Յովսէփեան, Մհեր Սահակեան եւ Յովհաննէս Գասպարեան: