«Երկիր».- Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերուն մէջ փոփոխութիւնները կը շարունակուին, Գերագոյն Շտապի պետի փոփոխութեան կողքին, փոխուած են նաեւ բարձրագոյն սպայակազմի շարք մը ներկայացուցիչներ: Ուշագրաւ է զօրավար Սեյիտով Քէնան Ալիյուսէյը Օղլույի յատուկ նշանակութեան ջոկատի շտապի պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն դադրեցումը եւ 5-րդ բանակային խումբի հրամանատար նշանակումը: Աւելցնենք, որ Ատրպէյճանի 5-րդ բանակային խումբը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածք հաստատուած է: Նշանակուած է նաեւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան նոր փոխնախարար. զօրավար Օսմանով Նիզամ Ռամազան Օղլուն դադրած է ԳՇ պետի տեղակալի-մարտական պատրաստութեան եւ ռազմական կրթութեան գլխաւոր վարչութեան պետի պաշտօնէն եւ նշանակուած է պաշտպանութեան փոխնախարար: