ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 28 Յուլիսին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատը ձայներու մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկեց Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական եւ ռազմակրթական օժանդակութիւնը դադրեցնելու առնչութեամբ օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որուն հեղինակը ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնն էր, որուն միացած էին Ներկայացուցիչներու պալատէն մօտաւորապէս քսան անդամներ:

Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախմումբը այս արդիւնքին հասնելու համար տեւականօրէն իրականացուցած է քաղաքական-յարաբերական եւ գրասենեակային համալիր աշխատանք:

Ներկայացուցիչներու պալատի երէկուան քուէարկութիւնը կարեւոր ազդանշան է Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակական յարձակումը պիտի չի վարձատրուի ԱՄՆ հարկատուներու կողմէն գոյացող ռազմական օգնութեամբ:
Օրէնսդրական փոփոխութեամբ 2022-ի գանձային տարուան «Միջազգային Ռազմական Կրթութիւն եւ Ուսուցում» եւ «Արտաքին Ռազմական Ֆինանսաւորման Ծրագիր» տողերով յատկացուող որեւէ տնտեսական օժանդակութիւն պէտք չէ ուղղուի Ատրպէյճան: Պէտք է սակայն նկատել, որ Ատրպէյճանին յատկացուող ԱՄՆ ռազմական օժանդակութիւնը բազմակողմանի է է, եւ երէկուան քուէարկութեամբ չի սահմանափակուիր հայեցողական ռազմական ճարտարագիտութեան տրամադրումը Ատրպէյճանին, որ Պաշտպանութեան բաժինի տիրոյթին տակ է: Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները, որպէսզի կասեցուի Ատրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական օժանդակութեան բոլոր տեսակներու տրամադրումը: Այդ ուղղութեամբ յանձնախումբը ներկայիս աշխատանքներ կ’իրականացնէ Քոնկրէսի` զինեալ ուժերու յանձնախումբին հետ` վերականգնելու «907-րդ բանաձեւի» դրոյթներու կատարումը, որով առհասարակ կ’արգիլուի Ատրպէյճանին տրամադրել ռազմական նշանակութիւն ունեցող որեւէ օժանդակութիւն:

Իր կարգին ԱՄՆ Ծերակոյտը եւս պէտք է իրականացնէ 2022-ի․ գանձային տարուան ծախսերու վերանայում: Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը այս առումով եւս պիտի շարունակէ սերտօրէն գործակցիլ Ծերակոյտին հետ` Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու եւ Հայաստանին ու Արցախին տրամադրուող տնտեսական օժանդակութիւնը ընդլայնելու նպատակով:

Ժամեր անց ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի քուէարկէ նաեւ Հայաստանին մօտաւորապէս 50 մլն տոլար օժանդակութեան տրամադրումին համար, եւս 2 մլն տոլար պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելուն: Յատկանշական է, որ Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներու հետեւանքով, առաջարկուող 50 մլն տոլարը, երկու անգամ աւելին է, քան նախագահ Պայտընի կողմէն 2022-ի․ գանձային տարուան համար առաջարկուածը:

ԱՄՆ վարչակազմի կողմէն «907-րդ բանաձեւի» պահանջներու կատարումէն հրաժարումը, ապա երէկ ընդունուած օրէնսդրական փոփոխութեան ուղեկցող զեկոյցին մէջ առկայ է մտահոգութիւն` Հայաստանին ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեան անհամապատասխանութեան առնչութեամբ, որ 907-րդ բանաձեւի պահանջներէն հրաժարման արդիւնք է:

28 Յուլիսի քուէարկութեան առիթով Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան յայտարարած է․ «Ներկայացուցիչներու պալատը այսօր Ատրպէյճանի դէմ սկզբունքային երկկուսակցական դիրքորոշում ցուցաբերեց եւ ճնշող մեծամասնութեամբ մերժեց այդ երկրին ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը` ի պատասխան Արցախի մէջ Պաքուի կողմէն իրականացուող ցեղապաշտային զտումներու եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող յարձակումին: Նոյն ուժով եւ նպատակասլացութեամբ, Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը կը շարունակէ օրէնսդրական փոփոխութիւններու միջոցով հասնիլ անոր, որ ամերիկեան հարկերէն գոյացող ոչ մէկ  տոլար ուղղուի Ատրպէյճանի խարդախ, քարիւղով յղփացած բռնապետ Ալիեւի բանակին»: