Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մօտեցումները` վերսկսելու խաղաղ բանակցային հոլովոյթը, որուն անդրադարձան իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, համանախագահներուն յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բանալին ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ եւ մնայուն լուծումն է:
«12 Մայիսէն սկսեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու ներթափանցումը եւ վերջին օրերուն Հայաստանի պաշտպանական դիրքերուն վրայ յարձակումները յանգեցուցած են իրավիճակի սրման: Հայաստանը միշտ հանդէս եկած է իրավիճակի հանդարտեցման դիրքերէն եւ այս առնչութեամբ կատարած է ճշգրիտ առաջարկներ, յատկապէս` ետ քաշած զինուորական ստորաբաժանումները 11 Մայիսի դրութեամբ առկայ ելման դիրքեր:
Վստահ ենք, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հասցէական գնահատականը կը նպաստէ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակի յաղթահարման», յայտարարեց Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը: