ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 2 Օգոստոս 2021-ին կը հաղորդէ, որ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը յայտնած է` Աւստրալիոյ մայրաքաղաքային տարածքի (ACT) Լիպերալ Երիտասարդական Շարժումը միաձայնութեամբ ճանչցած է 1915-1923-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Երիտասարդական Շարժումը ճանչցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` քննադատելով Արցախի բնիկ ժողովուրդին դէմ յարձակումները` անոնք դիտարկելով որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակականութիւն: Բանաձեւի ընդունումը առաջնորդած է աւստրալահայ Սոֆի Պէօրքման, որ նոյն Երիտասարդական Շարժման գործուն անդամներէն է: Այս առիթով Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան նկատած է․ «Հիանալի է տեսնել քաղաքականապէս գործուն երիտասարդ աւստրալացիներ, այս երկրի ապագայ առաջնորդներուն դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու այնպիսի կարեւոր հարցերու առնչութեամբ, ինչպիսիք են հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Մենք շնորհակալ ենք տիկին Պէօրքմանին եւ անոր գործընկերներէն ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողմը կենալուն համար: Մենք կը շարունակենք պահանջել դաշնային կառավարութենէն` համարձակութիւն ունենալ` հետեւելու նման քայլերուն եւ ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր շարունակութիւնը` Թուրքիոյ կողմէն աջակցող ատրպէյճանական բռնապետական վարչակարգի կողմէն Արցախի հայերը իրենց հայրենիքէն վտարելու փորձը»: