Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիական խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը Համմուտա Սապպաղի նախագահութեամբ Թեհրան ժամանեց, ներկայ գտնուելու Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի սահմանադրական երդման արարողութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին, Սուրիոյ ժողովուրդին, սուրիական կառավարութեան եւ Խորհրդարանին անունով շնորհաւորանքներ փոխանցելու։ Սապպաղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեգ, որ Սուրիա եւ Իրան պատմական յարաբերութիւններ եւ նոյնանման ճակատագիր ունին։ Յիշենք, որ 8 Յունիս 2021-ին, Իպրահիմ Ռայիսի Իրանի նախագահ ընտրուեցաւ, իսկ Ուրբաթ, 6 Օգոստոս 2021-ին Իրանի խորհրդարանին առջեւ սահմանադրական իր երդումը պիտի կատարէ։