Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ելեկտարանութեան ընդհանուր հաստատութեան արտադրութեան բաժինի տնօրէն, երկրչփ. Նաճուան Խուրի յայտնեց, որ կազի քանակի նուազումը պատճառ դարձաւ կարգ մը ելեկտրածին կայաններու կասեցման։ Խուրի յայտնեց, որ ելեկտրածին կայաններուն շուրջ 8 միլիոն խորանարդ կազ կը հասնի միայն, սակայն իսկական կարիքը 19 միլիոն խորանարդ է։ Խուրի աւելցուց, որ Երեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2021-ին, «Տէր Ալի» ի եւ Պանիասի մէջ ելեկտրածին կայաններ վերանորոգուեցան եւ բանիլ սկսան։ Ան ժողովուրդին աւետեց ելեկտրականութեան իրավիճակի բարելաւումը՝ յիշեալ երկու կայաններուն աշխատանքի վերադառնալէն ետք։