Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր յարձակում գործեցին Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Այն Իսա քաղաքի, միջազգային «M4» մայրուղղիին յարակից Սաֆաուիէ գիւղին վրայ։ Յարձակումին հետեւանքով 5 անդամէ բաղկացած ընտանիքի մը հայրն ու 3 զաւակները զոհուեցան, եւ մայրը վիրաւորուեցաւ։ Միւս կողմէ Համայի ոստիկանատունէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Իտլիպի հիւսիսարեւմտեան արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Համայի արուարձանի Ղապ շրջանի «Ճորին» գիւղին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով 3 վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։