Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը Հալէպի հիւսիսային արուարձանի իրենց գրաւած շրջաններուն մէջ քաղաքացիներ կ՚առեւանգեն։ Նախօրօք, թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Աֆրին քաղաքի «Շորպա» գիւղին մէջ քաղաքացիներու բնակարաններ խուժեցին եւ ոմանք առեւանգեցին։