«Էրմէնիհապեր».-28 Յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ շարք մը շրջաններուն մէջ մոլեգնող հրդեհը ոչ միայն ահռելի նիւթական ու մարդկային կորուստներու պատճառ դարձած է, այլ սպառնաՑԱԾ Է երկրի զբօսաշրջութեան ոլորտին: Էկէեան տարածաշրջանին մէջ ու յատկապէս Մարմարիսի մէջ գտնուող պանդոկներուն մէջ ամէն օր բազմաթիւ ամրագրումներ չեղեալ կը համարուին իսկ նոր ամրագրումներ այլեւս չեն կատարուիր: Յատկապէս յառաջիկայ օրերուն համար նախապէս կատարուած ամրագրումներուն մօտաւորապէս 10 տոկոսը չեղեալ համարուած է զբօսաշրջիկներուն կողմէն: Ժամանած հիւրերն ալ ժամանակէն նշուտ սկսած են հեռանալ: Տարածաշրջանը աղէտեալ գօտիի վերածուած է: Ոլորտի ներկայացուցիչները պնդած են, որ ի տարբերութիւն Մարմարիսին կամ Պոտրումին, Անթալիոյ մէջ հրդեհները լեռներու մէջ ըլլալով հիւրանոցներուն անմիջականօրէն չեն սպառնար: Սակայն այս պարագային ծուխէն եւ օդէն թափող մուրին պատճառով որոշ զբօսաշրջիկներ փափաքած են հեռանալ կամ փոխել հիւրանոցը: Անթալիոյ հիւրանոցատէրերու պնդումով` նման դէպքերը համատարած չեն: Միւս կողմէն, յայտնի է, որ Էկէյեան տարածաշրջանը ամէնէն շատ զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն Մեծ Բրիտանիայէն, ու թրքական զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչները կը սպասեն պսակաձեւ ժահրի սահմանափակումներու վերանայումը այդ երկրին կողմէն: Յաջորդ շաբաթ Մեծ Բրիտանիան պիտի վերանայի տարբեր երկիրներու համար պսակաձեւ ժահրին համաձայն ուղեւորութեան սահմանափակումներուն ցանկը: Իսկ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին համավարակի դէպքերու թիւը աճած է ու յայտնի չէ, թէ Բրիտանեան ինչ որոշում պիտի հաստատէ Թուրքիոյ առնչութեամբ: Մինչեւ համաճարակին յայտնուիլը, Բրիտանիան երրորդ երկիրն էր Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւով: