«Էրմէնիհապեր».-3 Օգոստոսին Անգարայի մէջ սկիզբ առած են «Կովկասեան Արծիւ» անունով միատեղ զօրավարժութիւններ, որոնց մասնակցած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան զինեալ ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները : Զօրավարժութիւնները պիտի աւարտին 8 Օգոստոսին: Զօրավարժութեան նպատակն է ուժեղացնել գործակցութիւնը բոլոր կողմերու յատուկ ջոկատայիններուն միջեւ, փորձի եւ գիտելիքի փոխանակումը, ինչպէս նաեւ միատեղ ներգործութիւն իրականացնելու մակարդակի բարձրացումը: Ուքրանիան այդ զօրավարժութիւններուն մասնակցած է, որպէս դիտորդ երկիր: Թուրքիոյ կողմէն զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի 1 յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանում, մէկ պայմանագրային դիպուկահար, երկու բազմագործ ուղղաթիռ, եւ մէկ ծանրութիւն փոխադրող ուղղաթիռ: