Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի պատ­գա­մա­ւոր Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան ըսաւ, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընդ­դի­մա­դիր փոխ­նա­խա­գահ ու­նե­նա­լը սահ­մա­նադ­րու­թեան պա­հանջ է, մենք պի­տի առա­ջադ­րենք թեկ­նա­ծու, իսկ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը կր­նայ ձե­ւա­ւոր­ուիլ եւ ըլ­լալ ամ­բող­ջա­կան կազ­մով, եթէ մեր ըն­կեր­նե­րը ներ­կայ ըլ­լան:
Հար­ցու­մին, թէ Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան ի՞նքն է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընդ­դի­մա­դիր փոխ­նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծուն՝ «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի պատ­գա­մա­ւո­րը դրա­կան պա­տաս­խան տուաւ:
Պա­տաս­խա­նե­լով «Թերթ»ին այն հար­ցու­մին, թէ իշ­խա­նու­թեան հաս­ցէ­ին իրենց կար­ծի­քը փոխ­ուա՞ծ է, թէ ոչ, արդ­եօք Նի­կոլ Փա­շին­եա­նը կը շա­րու­նա­կե՞ն նկա­տել հո­ղա­տու, դա­ւա­ճան՝ Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան ըսաւ. «Մեր օրա­կար­գին մէջ ոչինչ փոխ­ուած է, ինչ որ ըսած եմ անց­նող ութ ամս­ուան ըն­թաց­քին՝ փո­ղո­ցը, պատ­րաստ եմ իւ­րա­քան­չիւր վայրկ­եան կրկ­նել այս ամպի­ո­նէն, օրա­կար­գը նոյնն է, քա­նի որ երկ­րին առ­ջեւ կանգ­նած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը նոյնն են, հա­մա­կար­գա­յին ճգ­նա­ժա­մը յաղ­թա­հար­ուած չէ, հե­տե­ւա­բար՝ մեր պայ­քա­րը կը շա­րու­նակ­ուի»:
Նիս­տին ըն­թաց­քին խօսք առաւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եան, որ առաջ­նա­հեր­թու­թիւն նկա­տեց խոր եւ բազ­մա­շերտ ճգ­նա­ժա­մէն դուրս գա­լու ել­քեր գտ­նե­լը, որուն հա­մար հիմ­նա­կան է պա­ռակ­տու­մը բա­ցա­ռե­լը, շեշ­տը նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին տր­ուած հնա­րա­ւո­րու­թեան վրայ դնե­լը՝ մշա­կե­լու, իրա­կա­նաց­նե­լու ապա­գա­յին միտ­ուած իրա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գիր­ներ:
Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց յատ­կա­պէս, որ պէտք է ամէն ինչ ընել՝ պաշտ­պա­նե­լու եւ պահ­պա­նե­լու Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թիւնը: