Դու ամե­նայն Հա­յոց եր­գի Վե­հա­փառն ես,
Դու՝ մեր եր­գի Մես­րոպ Մաշ­տոց,
Գիրն ու տառն ես Հա­յոց եր­գի:
Հա­յոց եր­գի
Ան­ծիր հեր­կի:
Պ.Սե­ւակ
1881-ին, Քէ­ո­թահ­իոյ հո­գե­ւոր առաջ­նորդ Գէ­որգ վար­դա­պետ Դեր­ձակ­եա­նը կ’ուղղ­ուի Էջմ­ի­ա­ծին՝ եպիս­կո­պոս ձեռ­նադր­ուե­լու: Գէ­որգ Դ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի կոն­դա­կին հա­մա­ձայն, ան պէտք է իր հետ ձայ­նեղ որբ պա­տա­նի տա­ներ Ս. Էջմ­ի­ա­ծին՝ Գէ­որգ­եան ճե­մա­րա­նի մէջ ու­սա­նե­լու հա­մար։ Շուրջ քսան որ­բե­րու մէ­ջէն կ’ընտր­ուի երաժշ­տա­սէր ըն­տա­նի­քի 12-ամ­եայ զա­ւա­կը, թր­քա­խօս, բայց բա­ցա­ռիկ եւ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով հա­յե­րէն եր­գող, որ ար­դէն իսկ առա­ջին եր­գե­լուն գրա­ւեց  ու­շադ­րու­թիւնը բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն: Անոր անունն էր Սո­ղո­մոն Սո­ղո­մոն­եան, որ վեր­ջա­պէս այն­տեղ պի­տի գտ­նէր իր հո­գե­ւոր խա­ղա­ղու­թիւնը, չի­մա­նա­լով թէ այդ վայրկ­եա­նէն Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ծնունդ պի­տի առ­նէր։
Սո­ղո­մո­նի երաժշ­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է իր ու­սու­ցի­չը՝ Սա­հակ Ամա­տու­նին, որուն ղե­կա­վա­րու­թեամբ ան կը նուիր­ուի հայ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, մաս­նա­գէտ կը դառ­նայ հայ­կա­կան ձայ­նա­նիշ­նե­րուն եւ աշա­կեր­տա­կան իր տա­րի­նե­րը կ’ան­ցը­նէ հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր հա­ւա­քե­լով, գրի առ­նե­լով ու մշա­կե­լով զա­նոնք:
Ան իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կ’ըսէ. «Պատ­մու­թիւնը գրե­թէ լռած է, ոչինչ չի հա­ղոր­դեր Հա­յոց եկե­ղե­ցա­կան հին եղա­նակ­նե­րուն, ինչ­պէս եւ խա­զե­րու մա­սին»:
Հայ եկե­ղեց­ւոյ հին եղա­նակ­նե­րու գիւ­տը, որ ամե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ գի­րե­րու գիւ­տի շր­ջա­նի ար­դիւնքն է, կը վե­րագր­ուի Ս.Սա­հա­կին, իսկ մին­չեւ գի­րե­րու գիւ­տը Հայ եկե­ղեց­ւոյ եր­գե­ցո­ղու­թիւնը սաղ­մո­սեր­գու­թիւնն էր: Բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ետք սաղ­մո­սեր­գու­թեան հետ զար­գա­ցան շա­րա­կա­նի եղա­նակ­նե­րը: Բայց ինչ­պի­սի՞ եղա­նակն­նե­րով կ’երգ­ուէ­ին այս բո­լո­րը, ան­յայտ է: Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ժո­ղովր­դա­կան հին եղա­նակ­նե­րով:
Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ, թէ ան ին­չէ՛ն եւ ինչ­պէ՛ս սկ­սած է ար­ձա­նագ­րել հայ եկեղե­ցա­կան եղա­նակ­նե­րը: Սկիզ­բը, երբ Սո­ղո­մոն սար­կա­ւագ էր եւ իր երաժշ­տա­կան տա­ղանդն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ինք­նա­բե­րա­բար զար­գա­ցած էին, սկ­սած էր գրի առ­նել  հայ եկեղե­ցա­կան շա­րա­կան­նե­րը, տա­ղե­րը, գան­ձե­րը, մե­ղե­դի­ներն ու այլ արա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն բա­ժին­ներ: Օրի­նակ «Տաղ Յա­րու­թեան ԲԿ» Սո­ղո­մոն Սար­կա­ւագ խա­զագ­րու­թեամբ ար­տագ­րած է, երբ  Գէ­որգ Վրդ. Ռշ­տու­նին եր­գած է զայն: Յա­ռա­ջի­կայ թիւե­րուն մէջ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք իր վե­րա­նա­յած ու վե­րամ­շա­կած մե­ղե­դի­նե­րուն:
Եթէ մեր խօս­քէն բա­ժին մըն ալ  յատ­կաց­նենք Կո­մի­տա­սի պա­տա­րա­գին՝ անդ­րա­դառ­նա­լու անոր հանգր­ուա­նա­յին զար­գաց­ման, այս բա­ժի­նին մէջ պար­տա­ւոր ենք յի­շել իր­մէ առաջ ծնած հայ եկե­ղեց­ւոյ պա­տա­րագ­նե­րը եւ  անոնց հե­ղի­նակ­նե­րը, այ­լա­պէս կա­րե­լի չէ զգալ Կո­մի­տա­սի իւ­րա­յա­տուկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը հայ­կա­կան պա­տա­րա­գին մէջ:
Հա­յոց եկե­ղեց­ւոյ պա­տա­րա­գին ծնուն­դը դժ­ուար է հաս­տատ թուա­կան­նե­րով ար­ձա­նագ­րել, սա­կայն մեծ վս­տա­հու­թեամբ կա­րե­լի է ըսել, որ պա­տա­րա­գը մեր եկե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րուն ձեռ­քե­րուն մէջ ծնունդ առած է եւ դա­րէ-դար աճած: Այս Աս­տու­ծոյ շունչ բու­րող եղա­նակ­նե­րը զար­գա­ցան ու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թարկ­ուե­լով հա­մա­կեր­պե­ցան ժո­ղո­վուր­դին ճա­շա­կին եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան, որոնց շեշ­տա­կի բա­ցա­կա­յու­թիւնը կը նկա­տենք այս դա­րուն:
Որ­պէս ամե­նա­հին մշակ­ուած եւ զտ­ուած, լեզ­ուա­կան եւ երաժշ­տա­կան իմաս­տով, հայ­կա­կան բազ­մա­ձայն Պա­տա­րա­գի օրի­նա­կը 19-րդ դա­րու երա­ժիշտ Քրիս­տա­փոր Կա­րա-Մուր­զա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծած Պա­տա­րագն է, որ  եր­կար տա­րի­ներ կորս­ուած հա­մար­ուած է մին­չեւ որ գտն­ուած է Ռո­մա­նոս Մե­լիք­եա­նի ձե­ռագ­րե­րու պա­հո­ցին մէջ, հայ­կա­կան եկե­ղե­ցա­կան ձայ­նագ­րու­թեամբ, ամե­րի­կա­հայ երաժշ­տա­գէտ Գրի­գոր Փի­տեջ­եա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րուն շնոր­հիւ: Առ ի տե­ղե­կու­թիւն, Քրիս­տա­փոր Կա­րա-Մուր­զան դժ­գո­հած է իր ստեղ­ծած Պա­տա­րա­գէն եւ փոր­ձած է ոչն­չաց­նել զայն, սա­կայն այդ մա­սին յս­տակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան:
Իսկ բո­լո­րին ծա­նօթ Պա­տա­րագն է Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի դաշ­նա­ւո­րած պա­տա­րա­գը, որ կեան­քի կոչ­ուած է 1895-ի Յու­նի­սին եւ պաշ­տօ­նա­պէս թոյ­լատր­ուած է անոր եր­գե­ցո­ղու­թիւնը: Հայ երաժշ­տու­թեան վե­րա­բե­րող Կո­մի­տա­սին հան­ճա­րեղ գիւ­տը դեռ չկար, որով­հե­տեւ ան  Էջմ­ի­ած­նի Գէ­որգ­եան ճե­մա­րա­նը 1893-ին աւար­տեց, իսկ 1896-1899 թուա­կան­նե­րուն իր երաժշ­տա­կան ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց Գեր­ման­իոյ մէջ:
Եկ­մալ­եա­նի Պա­տա­րա­գէն ետք, հայ եկե­ղեց­ւոյ մշա­կոյ­թը առ աւե­լի հարս­տա­ցաւ Կո­մի­տա­սի Պա­տա­րա­գով եւ այլ գլուխ գոր­ծոց մշա­կում­նե­րով: Ճիշդ եզ­րա­կա­ցու­թեան չենք հաս­նիր եթէ բաղ­դա­տենք 3 Պա­տա­րագ­նե­րը իրա­րու հետ, որով­հե­տեւ 3 հե­ղի­նակ­ներն ալ իրենց մշա­կած ու դաշ­նա­ւո­րած մայր մե­ղե­դի­նե­րուն յօ­րի­նո­ղը չեն, իսկ որ­պէս կա­ռուց­ուածք կա­րե­լի է որոշ կէ­տե­րու շուրջ քն­նար­կում­ներ ընել: Վս­տա­հա­բար  այս 3 երա­ժիշտ­նե­րը եւ անոնց­մէ առաջ եկե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րը խո­նար­հա­բար իրա­րու ժա­ռան­գած աշ­խա­տան­քէն օգտ­ուե­լով է որ նո­րոգ­ուա­ծը մէջ­տեղ բե­րած են:
Կո­մի­տաս երբ տա­կա­ւին սար­կա­ւագ էր, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցած եւ ու­սում­նա­սի­րած էր Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի պա­տա­րա­գը՝ աւեց­նե­լով իր յա­տուկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը անոր վրայ, իր եր­գե­ցո­ղու­թեամբ:
Հրաչ­եայ Աճառ­եան իր յու­շե­րուն մէջ կը կ’ար­ձա­նագ­րէ. «Կո­մի­տաս բա­ցա­ռիկ դու­րե­կան ձայն մը ու­նէր եւ ար­ժա­նա­ցած էր Խրիմ­եան Հայ­րի­կի մաս­նա­ւոր հա­մակ­րան­քին, Խրիմ­եան Հայ­րի­կի կար­գադ­րու­թեամբ, տօ­նա­կան օրե­րը, Կո­մի­տաս կը ղե­կա­վա­րէր դպ­րաց դա­սը եւ պա­տաս­խա­նա­տու էր խո­րա­նէն երգ­ուած սաղ­մո­սեր­գու­թիւն­նե­րու եւ աւե­տա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման»:
Ան­կաս­կած, մեծ նո­րու­թիւն մը չէ այն, որ  հայ առա­քե­լա­կան մեր եկե­ղե­ցին հա­րուստ է խոր պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող մշա­կոյ­թով: Իսկ ի՞նչ էր Կո­մի­տա­սի յատ­կան­շա­կան տար­բե­րու­թիւնը բո­լո­րէն: Ան վե­րա­դար­ձուց հայ հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան երաժշ­տու­թեան զուտ հայ­կա­կան ազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւնն ու դի­մա­գի­ծը, որ պի­տի նկա­տենք յօդ­ուա­ծի յա­ռա­ջի­կայ թիւե­րուն մէջ:
Յովիկ Օհանեան