Տա­րագ­րու­թեան ճամ­բա­նե­րուն վրայ դե­գե­րող վե­րապ­րող­նե­րը եւ յա­ջոր­դող տաս­նամ­եակ­նե­րուն իրա­րու ետե­ւէ կա­տար­ուած գաղ­թե­րը (Կի­լիկ­եան պար­պում, ներ­քին գա­ւառ­նե­րէն հա­յոց ներ­հոսք դէ­պի Սուր­իա, Լի­բա­նան եւ Իրաք, 1939-ին Աղեք­սանդ­րէ­թի սան­ճա­քի հա­յա­թա­փում)  բազ­մա­պատ­կե­ցին ՄԵՐ­ՁԱ­ՒՈՐ ԱՐԵ­ՒԵԼ­Քի մեր գա­ղութ­ներն ու հա­յու­թեան թիւը:
Յի­շենք, որ իբ­րեւ նախ­կի­նին ան­մի­ջա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնը՝ Պո­լի­սը ու­նէր հո­գե­ւոր, կր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին իր կա­ռոյց­նե­րը: Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն մէջ հո­գե­ւոր ու կր­թա­կան կա­ռոյց­նե­րէն բան մը կա­րե­լի էր գտ­նել Աղեք­սանդ­րէթ-Պէյ­լա­նի, Մու­սա լե­րան, Քե­սա­պի շր­ջան­նե­րուն մէջ, Դա­մաս­կո­սի, Տէր Զօ­րի, Պէյ­րու­թի ու մա­նա­ւանդ Եգիպ­տո­սի մէջ: Երու­սա­ղէ­մի մէջ կը գոր­ծէր Հա­յոց պատր­ի­ար­քա­րա­նը, իսկ Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մնա­ցած էր միայն Հա­լէ­պի թե­մը: Սա­հակ Բ. Խա­պայ­եան տա­րա­գիր կա­թո­ղի­կո­սը անու­րա­նա­լի դեր կա­տա­րեց Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի հայ նոր գաղ­թա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:
Ու ամէ­նէն առա­ջին գոր­ծը, որ կը տես­նենք այս տա­րած­քին մէջ, նախ­կին դպ­րոց­նե­րու վե­րա­բա­ցումն էր  եւ հա­րիւ­րա­ւոր ու­րիշ­նե­րու հիմ­նու­մը հիւ­ղա­ւան­նե­րու, հա­յա­շէն գիւ­ղե­րու, աւան­նե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու ար­ուար­ձան­նե­րուն մէջ: Հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւնը ուր որ կը հաս­նէր՝ դպ­րոց կը ցա­նէր Իրա­քի, Սուր­իոյ, Լի­բա­նա­նի, Յոր­դա­նա­նի, Պա­ղես­տի­նի, Կիպ­րո­սի եւ Եգիպ­տո­սի մէջ եւ անոնց­մէ ան­դին՝ մին­չեւ Խար­թում եւ Ատիս Ապա­պա…: Սա պե­տա­կան տա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող հս­կա­յա­կան աշ­խա­տանք ու մի­ջոց կ’են­թադ­րէր: Դպ­րո­ցա­շի­նա­կան այս մեծ գոր­ծին մէջ, բա­ցի յա­րան­ուա­նա­կան մեր թե­մա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան հայ­րե­նակ­ցա­կան­նե­րը, Հիւ­սի­սա­յին եւ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­նե­րու հայ միու­թիւն­նե­րը, Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւնը, օտար միսի­ո­նա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ան­հատ բա­րե­րար­ներ…: Սա նա­խա­ե­ղեռն­եան մեր դպ­րո­ցա­կան կեան­քի վե­րըն­ձիւ­ղումն էր,  եւ ասոր հե­տե­ւան­քով է, որ գե­րա­զան­ցա­պէս թր­քա­խօս, քր­տա­խօս, արա­բա­խօս ու բար­բա­ռա­խօս մեր զանգ­ուած­նե­րը սե­փա­կա­նա­ցու­ցին արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, եկե­ղե­ցին դար­ձաւ հա­յա­խօս, միու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս, փո­ղոցն ու տու­նե­րը…
Ասի­կա հրաշք չէր՝ ի՛նչ էր հա­պա…
Ահա­ւա­սիկ այս խեղ­ճուկ­րակ նա­խակր­թա­րան­նե­րու եւ հա­տու­կենտ ճե­մա­րան­նե­րու գրա­սե­ղան­նե­րուն առ­ջեւ շա­րադր­ուե­ցան սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան  Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի գրա­կան մշակ­նե­րը: Այս­տեղ ան­շուշտ շատ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան մեր վե­րապ­րող գրող­նե­րը իբ­րեւ ու­սու­ցիչ ու խմ­բա­գիր՝ Յա­կոբ Օշա­կան, Վա­հան Թէ­քէ­եան, Եր­ուանդ Օտ­եան: Ահա­ւա­սիկ այս­տեղ ու այս­պէս ծնունդ առաւ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան տե­ղա­կան կր­թու­թեամբ ու արեւմ­տա­հա­յե­րէն ծլար­ձա­կող Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի բա­ժի­նը՝ Մու­շեղ Իշ­խան, Անդ­րա­նիկ Ծա­ռուկ­եան, Վա­հէ Վահ­եան, Սի­մոն Սի­մոն­եան, Եդ­ուարդ Պո­յաճ­եան, Ար­մէն Անոյշ… յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րէն՝ Պօ­ղոս Սնապ­եան, Վահ­րամ Մաւ­եան, Գէ­որգ Աճէմ­եան, Լե­ւոն Վար­դան, Վահ­րամ Ալա­ճաճ­եան, Թո­րոս Թո­րան­եան …
Գա­ղու­թա­տի­րա­կան բե­ռը թօ­թա­փե­լէ ետք՝ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի եր­կիր­նե­րը եր­բեք խա­ղաղ ու հան­գիստ ըլ­լալ չկր­ցան. յե­ղաշր­ջում­ներ, արաբ-իս­րա­յէլ­եան պա­տե­րազմ­ներ, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կռիւ­ներ, թր­քա­կան ներ­խու­ժում Կիպ­րոս. ասոնք մե­ծա­պէս վնա­սե­ցին հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն ու կը շա­րու­նա­կեն վնա­սել մին­չեւ օրս: Ազ­գա­յին կր­թու­թեան հե­տա­մուտ՝ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ, նա­եւ պե­տա­կան կր­թա­կան ծրա­գիր­նե­րու բե­րած հար­կադ­րան­քին տակ, հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը եւ հա­յե­րէ­նա­ւանդ նիւ­թե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւնը ծան­րա­գոյն սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու են­թարկ­ուե­ցան 1946-1970 թուա­կան­նե­րուն, բայց ի պա­տիւ մեր գա­ղութ­նե­րուն, յատ­կա­պէս Պէյ­րութ, Հա­լէպ ու Պո­լիս, պահ-պահ աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դար­ձան: Նոր գա­ղութ­ներ ձե­ւա­ւոր­ուե­ցան, գոր­ծեց Քուէյ­թի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը (կա­րե­լի չէ ար­դա­րաց­նել այն փաս­տը, որ Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­նե­րու մէջ մենք գո­հա­ցանք միայն մի­օր­եայ վար­ժա­րան­նե­րով):
Առան­ձին կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է յի­շա­տա­կել դպ­րո­ցա­կան-աշա­կեր­տա­կան պար­բե­րա­թեր­թե­րը, որոնք լոյս կը տես­նէ­ին աշա­կեր­տա­կան կազ­մե­րով՝ պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցի­չի մը գլ­խա­ւո­րութ­եամբ, ինչ­պէս Ալեփ­փօ քո­լէ­ճի «Գրա­սէր»ը, Բե­թէլ վար­ժա­րա­նի «Խաչ­բուռ»ը, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի «Բամ­բիռ»ն ու «Ծի­լեր»ը, Լա­զար Նա­ճար­եան վար­ժա­րա­նի «Բար­ձունք»ը, Կիպ­րո­սի Մել­քոն­եան կրթ. հաս­տա­տու­թեան «Այգ»ը, Պէյ­րու­թի Ճե­մա­րա­նի «Կան­թեղ»ը, Աւե­տա­րա­նա­կան քո­լէ­ճի «Անի»ն, Այն­ճա­րի Աւե­տա­րա­նա­կան վար­ժա­րա­նի «Շի­րազ»ը, Յա­ռաջ վար­ժա­րա­նի «Մու­սա Լեռ»ը…: Այս­պի­սի աշա­կեր­տա­կան պար­բե­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ  նախ երեւ­ցան երկ­րորդ ու եր­րորդ սե­րունդ­նե­րու ու մին­չեւ մեր օրե­րու գիր ու դպ­րութ­եան, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի նուիր­եալ մեր հա­րիւ­րա­ւոր մշակ­նե­րը…: Նոյ­նը ըրին դպ­րո­ցա­կան շր­ջա­նա­ւար­տի­ցի կամ սա­նու­ցի թեր­թե­րը: Կը բա­ւէ յի­շել, որ Պոլ­սոյ Մխի­թար­եան վար­ժա­րա­նի «Սան» հան­դէ­սով պայ­մա­նա­ւոր­ուած է սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ամէ­նէն յայտ­նի փա­ղանգ­նե­րէն մէ­կուն երե­ւու­մը՝ Զահ­րատ, Ռո­պէր Հատ­տէճ­եան, Զա­րեհ Խրա­խու­նի, Իգ­նա Սա­ր­ը­աս­լան, Վարդ Շի­կա­հեր…
Չա­փա­զանց կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րեց նա­եւ մեր գրա­կան մա­մու­լը: Հոս յատ­կա­պէս կ’ու­զեմ յի­շա­տա­կել Սի­մոն Սի­մոն­եա­նի «Սփիւռք»ը, մա­նա­ւանդ անոր «Սփիւռք-Գա­րուն» յա­ւել­ուա­ծը: Սի­մոն Սի­մոն­եան արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան վրայ տե­սիլք ու­նե­ցող մարդ էր  եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ծաղ­կու­մը կը տես­նէր Իրա­նէն, Իրա­քէն, Սուր­իա­յէն, Լի­բա­նա­նէն եւ Ափ­րի­կէ­էն եկող այս գա­րու­նա­կան ձայ­նե­րուն մէջ: Նոյ­նը կա­տա­րեց նա­եւ Պօ­ղոս Սնապ­եա­նի «Բա­գին»ը, որուն շուրջ հա­ւաք­ուած երի­տա­սարդ­նե­րը գե­ղար­ուես­տա­կան ու թար­գա­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան կող­քին լայ­նօ­րէն մշա­կե­ցին հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի գրա­կա­նու­թիւն եւս: Կա­րե­լի չէ չյի­շել Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թը, որուն գրա­կան էջին շուրջ հա­մախմբ­ուե­ցաւ սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րու մեծ խմ­բակ մը ու մա­նա­ւանդ՝ ման­կապա­տա­նե­կան «Կկու» յա­ւել­ուա­ծը, ուր տեղ ու­նին նա­եւ հայ դպ­րո­ցա­կան­նե­րու ինք­նա­գիր փոր­ձե­րը…: Կա­մայակա­մայ կ’ու­զես յի­շա­տա­կել խմո­րա­տիպ ու տպա­գիր այն բազ­մա­թիւ թեր­թիկ­ներն ու պար­բե­րա­կան­նե­րը, որոնք տե­ղա­կատ­ուա­կան իրենց նիւ­թե­րուն կող­քին տեղ բա­ցին նա­եւ գրա­կան նիւ­թե­րու՝ ոչ միայն գլ­խա­ւոր ու մեծ գա­ղութ­նե­րու, այ­լեւ հե­ռա­ւոր ու փոքր շր­ջա­նակ­նե­րու մէջ (ինչ­պէս Նշան Պաս­մաճ­եա­նի խմ­բագ­րու­թեամբ մին­չեւ 2014-ի ներ­խու­ժու­մը լոյս տե­սած Քե­սա­պի Հա­մազ­գա­յի­նի «Կասի­ոս» գրա­կան լրա­տուն՝ 18 թիւ):
Այ­սօր Սփիւռ­քի պայ­ման­նե­րուն մէջ, Հա­յաս­տա­նէն սկս­եալ մին­չեւ Ամե­րի­կա­ներ, Աւստ­րալ­իա­յէն Եւ­րո­պա, գրա­կա­նու­թեան աւագ, մի­ջին ու բո­լո­րո­վին երի­տա­սարդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կու գան ահա այս­պի­սի են­թա­հո­ղէ՝ Վե­հա­նոյշ Թեք­եան, Պօ­ղոս Գիւ­փէլ­եան, Խոս­րով Ասոյ­եան, Յա­րու­թիւն Պէր­պէր­եան, Սար­գիս Կի­րա­կոս­եան, Պե­տիկ Հեր­եան, Արա Արծ­րու­նի, Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եան, Մա­րուշ Երամ­եան, Արա Ճու­հար­եան… Ու տա­կա­ւին շատ երի­տա­սարդ­ներ, զորս մեր օրե­րուն աւե­լի շատ կը տես­նենք հա­մա­ցան­ցա­յին ան­հա­տա­կան ու խմ­բա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ:
Պէտք չէ մա­նա­ւանդ ան­տե­սել այն մեծ ներդ­րու­մը (արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով), որ ու­նին բո­լո­րո­վին նո­րեկ­նե­րը հայ բա­նա­սի­րու­թեան, պատ­մա­գի­տու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յա­գի­տու­թեան  մար­զե­րէն ներս՝ Գէ­որգ Եա­զըճ­եան, Միհ­րան Մի­նաս­եան, Վար­դան Մա­թէ­ոս­եան (հայ­կա­կան կր­թու­թեամբ՝ Պուէ­նոս Այ­րէս), Լե­ւոն Շա­ռոյ­եան, Վար­դան Թաշճ­եան…: Շատ աւե­լի աշ­խոյժ են լրագ­րու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցող­նե­րը:
Այս­տեղ քն­նու­թեան առար­կայ չէ սփիւռ­քա­հայ ար­դի գրա­կա­նութ­եան ար­ժե­ւո­րու­մը, մե­րը՝ փորձ մըն է ցոյց տա­լու, թէ որ­քան աշ­խոյժ է ան ներ­կա­յիս եւ որ­քան մեծ է նուիր­եալ­նե­րու թիւը: Եւ այս պատ­կե­րին առ­ջեւ ըսել, որ հո­գեվար­քի մէջ է սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը, առն­ուազն տա­րօ­րի­նակ կը թուի…: Մի՛ եր­գէք այդ եր­գը, տա­րա­ծե­ցէ՛ք եւ ճանչ­ցէ՛ք սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը…:
Յակոբ Չոլաքեան