Դարձ­եալ ազեր­ի­ա­կան յար­ձա­կում­ներ Հա­յաս­տա­նի վրայ, այս ան­գամ՝ Գե­ղար­քու­նի­քի սահ­մա­նին, Սոթք-Կութ-Վե­րին ու Վա­րին Շոր­ժա գօտի­ին մէջ: Զո­հեր, վի­րա­ւոր­ներ:
Հայ­կա­կան սահ­մա­նա­յին դիր­քի մը գրա­ւում: Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը կը հա­ղոր­դէ խրա­խու­սիչ լուր մը. մեր ու­ժե­րը ետ շպր­տած են ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րը, բա­ժան­ման գի­ծին վրայ փո­փո­խու­թիւն չկայ:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնը դարձ­եալ դա­տա­պար­տանք կ’ար­ձա­կէ, կարգ մը եր­կիր­նե­րու դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը խորհր­դակ­ցու­թեան կը հրա­ւիր­ուին, իրա­վի­ճա­կը կը բա­ցատր­ուի:
Վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րը կը պատ­մեն դէպ­քե­րը, կը հա­ւաս­տեն, որ դար­ման­ուե­լէ ետք, պի­տի վե­րա­դառ­նան դիր­քե­րը պաշտ­պա­նե­լու…: Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­ներն ալ վճ­ռած են հաս­տատ մնալ եւ պատ­րաստ են, ազգ-բա­նա­կի հաս­կա­ցու­թեամբ, զօ­րա­կից ըլ­լա­լու բա­նա­կա­յին­նե­րուն (ո՞վ պի­տի զի­նէ այդ արի­նե­րը, երբ Սիւ­նի­քի ինք­նա­պաշտ­պան­նե­րէն զէնք կը գրաւ­ուի, զէնք ու­նե­ցո­ղը բանտ-դա­տա­րան կը տար­ուի…):
Քար­տէ­զին աչք մը նե­տո­ղը պի­տի տես­նէ, թէ ի՛նչ նա­շա­նա­կու­թիւն ու­նին եղեր Քար­վա­ճա­ռը, մին­չեւ Խո­զա­ւան եր­կա­րող «սահ­մա­նա­գիծ»ը, նոյ­նինքն Ար­ցա­խը…
***
Այս դէպ­քե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան Երաս­խի գօտի­ին վրայ յար­ձա­կում­նե­րէն, թա­փան­ցու­մի փոր­ձե­րէն հա­զիւ շա­բաթ մը ետք:
Քա­նի մը օր առաջ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նը Գե­ղար­քու­նի­քի սահ­մա­նա­յին գօ­տին այ­ցե­լեց, հաս­տա­տեց, որ «սահ­մա­նա­յին հար­ցե­րը պէտք չէ ու­ժի մի­ջո­ցով լու­ծել փոր­ձել»…: Ֆրան­սա եւ այլ եր­կիր­ներ ալ մտա­հո­գու­թիւն կ’ար­տա­յայ­տեն սահ­մա­նա­յին այս ու նման դէպ­քե­րու մա­սին: Մոսկ­ուա­յի մէջ բա­նակ­ցու­թեան սե­ղա­նը կը զար­դար­ուի կր­կին:
***
Իշ­խա­նու­թեան մօ­տիկ լրա­տու աղ­բիւր­նե­րը, տե­ղե­կագ­րա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն ըն­թաց­քին, կը պա­հեն «հան­դար­տու­թեան» տրա­մա­բա­նու­թիւնը: Նախ, ար­ձա­գանգ­ներ՝ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րութ­եան այն հա­ւաս­տիք­նե­րուն, թէ շր­ջա­նը ըստ ամե­նայ­նի խա­ղաղ է, գիւ­ղա­ցի­նե­րը խու­ճա­պի մէջ չեն (սա լաւ երեսն է անկաս­կած), առօր­եան կը շա­րու­նակ­ուի ան­շեղ, մին­չեւ իսկ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը կը գոր­ծեն, երկ­րա­գործ­նե­րը դաշ­տերն են…: «Յար­ձա­կո­ղը մենք չենք»ի պար­տադր­եալ (չը­սե­լու հա­մար՝ ինք­նա­խա­բէ­ութ­եան) «խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ոգի»ն շատ տեղ չի տար աւե­լի՛ ազ­դու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան իրա­ւուն­քին:
Մարդս կը մտա­ծէ, թէ «ի՞նչ լաւ. չար ազե­րի­նե­րը ետ շպրտ­ուած են, ամէն բան լաւ է հի­մա, մտա­հոգ­ուե­լու պէտք չու­նինք» (խա­ղա­ղա­պահ­ներն ալ ար­դէն նման լաւ լու­րե­րու սպա­սու­մը ու­նին):
Այս հո­գե­վի­ճա­կին մէկ տար­բեր ար­տա­յայ­տու­թիւնը կը լս­ուի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հէն, որ կը հա­ւաս­տէ, որ Հա­յաս­տան ամէն մի­ջո­ցի պի­տի դի­մէ իր դա­տը ծա­նու­ցե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար, թէ՝ ՀԱՊ­Կը լաւ բեմ մըն է եւ, վեր­ջա­պէս Հա­յաս­տա­նի ՀԱՊ­Կի նա­խա­գա­հու­թիւնը պի­տի ստանձ­նէ… 16 Սեպ­տեմ­բե­րին (մօ­տա­ւո­րա­պէս 2 ամիս ետք): Ան չ’աճա­պա­րեր մտա­ծել ՄԱ­Կի Ապա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դին դի­մե­լու ընտ­րան­քին մա­սին, ըն­դու­նե­լով՝ որ հոն հաս­նե­լու հա­մար որոշ նա­խա­պայ­ման­ներ կան, ու անուղ­ղակի­օ­րէն խոս­տո­վա­նու­թիւն մը կը կա­տա­րէ իշ­խա­նու­թեան ու դիւա­նա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գի ան­փու­թութ­եան մա­սին. կ’ըսէ, թէ այդ քայ­լէն առաջ, «անհ­րա­ժեշտ են նախ­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ» (պարզ լե­զուով՝ տնա­յին աշ­խա­տանք, որուն մէջ աղա­ղա­կող կեր­պով թե­րա­ցած է իշ­խա­նու­թիւնը եւ յայտ­նա­պէս  վճ­ռած է շա­րու­նա­կել թե­րա­ցու­մը: Դես­պան­նե­րու հետ տե­սա­ցու­թիւն­նե­րը երես չեն ճերմկց­ներ… ):
Նոյն աղ­բիւ­րէն մեկ­նա­բան մը բա­ռե­րը չի ծամծ­մեր հաս­տա­տե­լու, որ Ատր­պէյ­ճան, նման յա­ճա­խա­կի յար­ձա­կում­նե­րով, կը հե­տապն­դէ քա­նի մը նպա­տակ. նուի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան շին­ծու եւ պար­տադր­եալ սահ­մա­նը, մո­ռաց­ու­թեան մատ­նել Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճակն ու սահ­ման­նե­րու հար­ցը, են­թա­հող պատ­րաս­տել Սիւ­նի­քէն ալ պա­տառ­ներ խլե­լու եւ իրա­կա­նաց­նե­լու «Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քը»: (Կը մոռ­նայ յի­շեց­նել, թէ կան սահ­ման­նե­րու եւ ճամ­բա­նե­րու բա­ցումն ու շա­հա­բեր առեւ­տու­րի պատ­րանք­ներ հե­տապն­դող­ներ):
Ան­դին, կը թուի, որ նսե­մա­ցած են գե­րի­նե­րու հար­ցը (Պաք­ուի մէջ վեր­ջին օրե­րուն քա­նի մը գե­րի­ներ եր­կա­րա­տեւ բան­տար­կու­թեան վճիռ­ներ ստա­ցան, ու­րիշ­նե­րու դա­տա­վա­րու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի), լու­սանց­քի վրայ քշ­ուած են յետ-պա­տե­րազմ­եան բա­զում հրա­տապ հար­ցեր (իսկ թէ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին ծալ­քե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու նպա­տա­կով, յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը կազ­մե­լու եւ ԱՐ­ՏԱ­ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ՈՒ­ԺԵՐ, կարգ մը թափ- թ­փուք­ներ անոր մէջ առ­նե­լու իշ­խա­նու­թեան առա­ջադ­րան­քը ի՞նչ ար­ժէք կր­նայ ու­նե­նալ կամ նպա­տա­կի ծա­ռա­յել՝ կը մնայ անշ­քա­ցող հար­ցա­կան­նե­րու տակ):
Այլ աղ­բիւ­րնե­րէ հա­ղորդ­ուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ ցոյց կու տան, որ Մար­դու Իրա­ւունք­նե­րու Պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թեան (պե­տա­կան կա­ռոյց է, սա­կայն բա­ցա­յայ­տօ­րէն ոչ-հա­ճե­լի՝ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն հա­մար), շատ աւե­լի գոր­ծուն­եայ է, որո­շած է ման­րա­մասն տե­ղե­կա­գիր­ներ ներ­կա­յաց­նել մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն: Ար­դար ու տե­ղին աշ­խա­տանք, որ սա­կայն, ըստ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան բնոյ­թի՛ն իսկ, սահ­մա­նա­փակ­ուած է սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն ՄԱՐԴ­ԿԱ­ՅԻՆ ԻՐԱ­ՒՈՒՆՔ­ՆԵ­ՐՈՒ պաշտ­պա­նու­թեան դի­տան­կիւ­նին մէջ:
***
Որ­քա՞ն պէտք է համ­բե­րել, քա­նի՞ զոհ ու վի­րա­ւոր տալ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տան, իր դիւա­նա­գի­տա­կան ամ­բող­ջա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, շա՛տ աւե­լի տա­րա­ծուն եւ ազ­դու գոր­ծի լծ­ուի (միշտ ալ հար­ցա­կան է թէ մեր լա­ւա­գոյնն իսկ կր­նայ բա­ւա­րար չըլ­լալ՝ ազ­դու ու­ժե­րուն ծա­նօթ «տրա­մա­բա­նութ­եան» բա­խե­լով…): Ին­չո՞ւ շա­րու­նա­կել տաս­նամ­եակ­նե­րու մաս­նա­կի եւ իրո­ղա­կան այն կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը, որ կը կի­րարկ­ուէր Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ ազեր­ի­ա­կան այն­քա՜ն յա­ճա­խա­կի յար­ձա­կում­նե­րուն, զո­հեր ու վի­րա­ւոր­ներ խլող ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն օրե­րուն (խօս­քը կ’եր­թայ 27 Սեպ­տեմ­բեր 2020-ը կան­խած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին): Ին­չո՞ւ պէտք է սպա­սել, որ Ատր­պէյ­ճան դարձ­եալ լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­ներ գոր­ծէ, այս ան­գամ՝ ուղ­ղա­կի Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ, որ­պէս­զի տեղ մը բան մը շար­ժի աւե­լի՛ ազ­դու եւ քա­ղա­քա­կա՛ն լայ­նա­ծիր տրա­մա­բա­նու­թեամբ:
Իշ­խա­նու­թեան ինք­նակ­րա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը, պարտ­եա­լի հո­գե­վի­ճա­կին պա­տանդ մնա­լը (եւ այդ հո­գե­վի­ճա­կով ալ նոր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նե­նա­լը) պատ­ճառ չեն, որ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, աւե­լի՛ն՝ նոյ­նինքն բա­նակն ու ապա­հո­վու­թեան այլ կա­ռոյց­ներ մնան ձեռ­նա­ծալ: Ըսինք՝ խրա­խու­սիչ էր լսել, թէ բա­նա­կը պաշտ­պա­նած է իր դիր­քե­րը եւ ետ շպր­տած՝ ներ­խու­ժող թշ­նա­մին, սա­կայն բո­լորն ալ պէտք է անդ­րա­դառ­նան, որ այս ու նման քայ­լե­րով, անուղ­ղա­կի եւ գործ­նա­կան բա­ներ Կ’ԻՐԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՆԱՆ, ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ նա՛եւ մեր մտա­ծո­ղու­թեան մէջ կա­թիլ-կա­թիլ կը հանգ­չի այն՝ որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի «նոր սահ­ման­նե­րը» պէտք է գծել՝ հայ­կա­կան հո­ղե­րու շուրջ սա­կար­կու­թեան նս­տե­լով, մոռ­նա­լով մին­չեւ իսկ Ար­ցա­խէն մնա­ցած պա­տա­ռի­կը…
***
Իսկ ո՞ւր է Սփիւռ­քի նե­րու­ժը, կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք այ­լա­պէս կը թուին մնալ կրա­ւո­րա­կա­նու­թեան որոշ օղա­կի մէջ:
Այո՛, հո­գի ջեր­մաց­նող աշ­խա­տանք կը տար­ուի, որ­պէս­զի Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ դա­տա­պար­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ հն­չեն, Ատր­պէյ­ճան ամե­րիկ­եան եւ այլ օժան­դա­կու­թիւն­նե­րէ զրկ­ուի, հա­մոզ­ուի, որ պէտք է բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան վե­րա­դառ­նայ եւ Ար­ցա­խի հար­ցը փակ­ուած չհա­մա­րէ…:
Այս բո­լո­րէն ան­դին, դարձ­եալ հարց տանք. քա­նի՞ զոհ ու վի­րա­ւոր պէտք է տանք, որ­քա՞ն նիւ­թա­կան վնաս պէտք է կրենք, որ­պէս­զի Աւստ­րալ­իա­յէն մին­չեւ Մի­ջին Արե­ւելք, Եւ­րո­պա եւ Ամե­րի­կա­ներ շար­ժան անց­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, զօ­րակ­ցի դիւա­նա­գի­տա­կան մե­քե­նա­յին, որ­պէս­զի մէկ կող­մէ՝ Թուրք­իա­յէն ներշն­չում առ­նող ազեր­ի­ա­կան ոճիր­նե­րը հաս­նին մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին եւ անոր ճամ­բով՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին: Ին­չո՞ւ աշ­խար­հը աւե­լի՛ յա­ճախ ականջ պի­տի տայ ազեր­ի­ա­կան այն յե­րիւ­րանք­նե­րուն, իբ­րեւ թէ հայ­կա­կան կողմն է նա­խա­յար­ձա­կը, քան ցա­ւա­լի իրա­կա­նու­թեան, որուն գլ­խա­ւոր եւ մի­ակ զոհն են ու կը մնան Ար­ցա­խը, Հա­յաս­տա­նը:
…Պա­տե­րազ­մի օրե­րուն, թէ­եւ որոշ ու­շա­ցու­մով, հա­մայն հա­յու­թիւնը շարժ­ման մէջ էր. փուլ բեր­ուած էին «մենք-դուք»ի, «հին-նոր»ի, հա­յաս­տան­ցի-ար­ցախ­ցի-ար­տերկ­րա­ցի պատ­ուար­նե­րը: Հա­յու­թեան բո­ղո­քի ձայ­նե­րը լսե­լի դար­ձան (թէ­եւ ոչ բա­ւա­րար ազ­դե­ցու­թեամբ), ինչ­պէս որ լսե­լի կը դառ­նան այս կամ այն երկ­րին մէջ թր­քա­ծին ահա­բեկ­չա­կան արարք­նե­րու զո­հե­րուն մա­սին կս­կի­ծի ձայ­նե­րը, ամե­րի­կան, իս­րա­յէլ­եան, թր­քա­կան եւ այլ պե­տա­կան ոճիր­նե­րու արարք­նե­րու, ափ­րիկ­եան եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ան­մեղ զո­հեր հն­ձող, մա­նուկ­ներ առե­ւան­գող ծայ­րա­յե­ղա­կան-ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րու «սըխ­րանք­նե­րը»:
Մեր մէկ բա­նաս­տեղ­ծը 150 տա­րի առաջ մար­տահ­րա­ւէր ուղ­ղած է. «Հի­մի՞ էլ լռենք…»:
Մար­տահ­րա­ւէ­րը հն­չեղ է նա­եւ այ­սօ՛ր, անոր դի­մաց պէտք է բաց մնան բո­լո­րիս ականջ­նե­րը, իշ­խա­նա­ւո­րէն մին­չեւ ընդ­դի­մա­դիր, հայ­կա­կան աշ­խար­հաս­փիւռ օճախ­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը, չբա­ւա­րար­ուիլ «որոշ պար­տա­կա­նու­թիւն ըրինք»ի աշա­կեր­տա­կան ինք­նա­բա­ւա­րա­րութ­եամբ:
Որով­հե­տեւ՝ մեր ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­Քին ճա­կա­տա­գի­րը դր­ուած է նժա­րի մէջ, ու հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն դի­մաց, մե՛նք պի­տի ըլ­լանք (դարձ­եալ) գլ­խա­ւոր պատ­ուա­րը, Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը փր­կո­ղը (չմոռ­նանք, թէ «…Սա­սուն, Մուշն ու Վա­նը հայ­կա­կան հող» են):
Ս. Մահսերէճեան