ԼՈՒՍԱՆՑՔ
Մանկութենէս ի վեր
Միշտ հո՛ն էր,
Էջին աջին, ուղղահայեաց կարմիր գիծ
Արաբական երկիր կ’ապրինք,
Լուսանցքը աջին է…
Կարմիր, բարակ, բայց յստակ
Էջին հասակին էջքով կտրուկ
Ինչպէ՞ս գրեմ
Տետրակը ծուռ կը բռնեմ,
Որպէսզի էջին ձախին գայ
Կամ կը փորձեմ անտեսել,
Բայց անօգուտ…
Երբեմն լայն, երբեմն նեղ
Բայց միշտ տիրապետող ու անյարմար,
Լուսանցքը կարմիր
Էջին աջին
Տառապանք… տառապանք
Օր մըն ալ ուրիշ երկիր գացի
Եւ ի՜նչ մեծ հրճուանք
Լուսանցքը էջին ձախին էր
Կարմիր ալ չէր
Տողերուն գոյնով, տողերուն հետ
Մեղմ կը հոսէր
Էջին ձախին
Իբրեւ թէ ազատած
Աջակողմեան կարմիր լուսանցքէն
ես գրեցի ինքնավստահ
Աւելի կոկիկ ու գեղեցիկ…
Երրորդ երկրի մը այցիս
Ի՜նչ մեծ զարմանք
Տետրակները զոյգ լուսանցք ունէին,
Մէկը ձախին, միւսը աջին,
Երկուքն ալ կարմիր, տիրապետող
Այնքան կտրուկ ու յստակ
Որ բառերս ոսկեղնիկ
Չհամարձակեցան անցնիլ
Անոնց սահմանները բիրտ,
Ու տողերս, գրութիւններս
Մնացին ճնշուած
Տողերուն վրայ նեղլիկ։
ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ
Երժ.՝ Յովիկ Օհանեանի
Երկու ընկերներ՝ զոյգ մը արծիւներ,
Պարզեցին իրենց ոսկիէ թեւեր,
Ճախրեցին բարձր ելան դէպ երկինք՝
Կեանքին ձգելով արցունք ու քրտինք։
Օրհասի պահը ձեզ մեզմէ խլեց
Մէկ պայթումը սեւ, հազար սիրտ փլեց,
Յաւերժ ընկերներ՝ Մոսիկ ու Գասպար,
Յիշատակը ձեր թող մնայ անմառ։
Երդուեցիք արեամբ, ընդմիշտ նուիրել,
Մեծ գաղափարին ձեր անձը զոհել,
Ձըգեցիք դուք սէր, ընտանիք ու տուն
Քալեցիք ճամբան վեհ անմահներուն։
Այս տողերը նուիրուած են երկու անբաժան եւ բախտակից ընկերներու, որոնք (2016)-ին, Հալէպի ազատագրումէն քանի մը ամիս առաջ զոհ գացին զինեալ ահաբեկիչներու վայրագ կրակին։
ԿԱՊՈՅՏ ԳՆԴԱԿԸ
Մայր տիեզերքը,
Յաւարտն երկանց,
Ծնունդ տուաւ, պզտիկ կապոյտ գնդակին,
Աստուածային բանն էր
Եւ գնդակն այս պզտիկ ու կապոյտ,
Այնքան հաճելի թուաց Մեծ մօր,
Որ կարծես լեցուց
Դատարկութիւնն իր անյատակ,
Յետոյ…
Անոր վրայ դրաւ սիւներ,
Որոնց վրայ մրափեց
Ու զաւակներն իր կայծկլտող
Կուրծքերուն վրայ ան շարեց՝
Հաճութիւն ի մարդկանց,
Եթերային երազներ,
Ձգտումներ ու ճամբաներ…
Ու մոռցաւ…
Մոռցաւ մրափող մայրն անծայր,
Թէ վերջակէտին ստեղծագործութեան
Տրուած էր այնքան կարճ թեւեր,
Որ երազներն եթերային, ձգտումները
Պիտի մնային, իր մրափին պէս
Յաւերժական…
Հեռու…
Անհաս…
Եւ վերջակէտը իր սիրելի
Պիտի դառնար յուսահատ
Տխուր ու…
Մինակ…
(ՄՈՒՍԱ)Ս
Արեւու առաջին շողերը
Կը շոյեն թարթիչներս,
Եւ լուսաբացը
Որ ես այնքան կը սիրեմ
Լոյսի շողերուն հետ,
Իմ աչքերէս
Ծանր-ծանր
Կը կախուին.
Այգաբացի այս պահուն,
Երբ լոյսը նոր կը ծնի
Իմ յոյսերս նոր յառնած՝
Գլուխս բարձին կը հանգչի.
«Գիշեր բարի» կը շշնջեմ
Իմ մուսայիս չար ու անգութ,
«Լոյս բարի չըսեմ՝
Լոյս է արդէն
Սա երկու տողն ալ գրէ՛
Յետոյ ես քեզ կը ձգեմ»
Եւ ակամայ
Թէ կամայ
Մատիտս ձեռքս կը մնայ,
Առաւօտեան լոյսին հետ,
Մուսան, չար ժպիտը դէմքին,
Կը հեռանայ կը կորչի…
Ու ես տակաւին՝
Այս տողերը գրեմ ահա՛։
Յուշիկ Ղազարեան