Գա­րա­մա­նուկ­եան ըն­տա­նի­քի մտե­րիմ բա­րե­կամ­նե­րը քաջ գի­տեն, որ այս ըն­տա­նի­քին հա­մար աւան­դու­թիւն է եօ­թը օրէն­քով սարք­ուած սե­ղա­նի մը շուրջ սրտ­բաց հա­մախմ­բել իրենց սի­րե­լի հիւ­րե­րը, իսկ այդ սե­ղա­նին գլու­խը՝ ձեռ­քե­րը իրա­րու մի­աց­նող ու առա­ջին աղօ­թո­ղը կ’ըլ­լայ օր. Լի­զան՝ շա­տե­րուն ծա­նօթ Լի­զա քոյ­րի­կը։
Լի­զա քոյ­րի­կը պար­ծան­քով կ’ար­տա­յայտ­ուի իր այն­թապ­ցի, շնոր­հա­լի հօր՝ Սար­գիս Գա­րա­մա­նուկ­եա­նին եւ մօր՝ Մա­րի Ճե­պէճ­եա­նին մա­սին։
-Ծնողքս  բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գելք չէ հան­դի­սա­ցած մեր երի­տա­սար­դա­կան թռիչք­նե­րուն եւ շատ մը հայ ծնող­նե­րու նման, միշտ թեւ ու թի­կունք կը կանգ­նէր մեզ՝ ապա­վո­հե­լով մեր նիւ­թա­կան կա­րիք­նե­րը, ըմբռ­նու­մով մօ­տե­նա­լով մեր յոյ­զե­րուն ու թե­ւեր տա­լով մեզի։ Ես գեր­դաս­տա­նին առա­ջին զա­ւակն էի, բո­լո­րին աչ­քին լոյ­սը, յատ­կա­պէս հօ­րեղ­բօրս՝ Ներ­սէ­սին, որուն վա­ղա­ժամ մա­հէն ետք եղ­բայրս իր անու­նով կո­չե­ցին։
Կա­րօ­տի զգա­ցում­նե­րը յի­շո­ղու­թեան պաս­տա­ռին վրայ կը տե­ղադ­րեն նա­եւ ծնող­քին տա­ռա­պա­գին օրե­րը, հա­ւա­նա­բար որ­պէս բո­ղո­քի թա­քուն ար­տա­յայ­տու­թիւն առա­ջին ան­գամ կո­տո­րա­ծի դի­պա­շա­րը ի յայտ կու­գայ։ Ու կը սկ­սի պատ­մել 1915-ի Այն­թա­պի կո­տո­րա­ծը, երբ իր ծնող­նե­րը շա­տե­րու նման կ’աք­սոր­ուին իրենց սի­րե­լի ծնն­դա­վայ­րէն եւ բա­զում չար­չա­րանք­նե­րով կա­րա­վան­նե­րու հետ դէ­պի Հա­լէպ կ’ուղղ­ուին։
-Մօ­րե­նա­կան  մեծ մայրս եւ հայրս  դժ­ուա­րութ­եամբ կը հաս­նին Հա­լէպ։ Անոնք իրենց եօ­թը զա­ւակ­նե­րէն երե­քը, նե­րառ­եալ մայրս, առ­ժա­մա­բար կը տե­ղադ­րեն Ազգ. Պատս­պա­րան, իսկ իրենք աշ­խա­տանք փնտ­ռե­լու հեւ­քին կը լծ­ուին։ Մեծ մայրս հաց կը թխէ ու կը վա­ճա­ռէ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ապա­հո­վել իր օրա­պա­հի­կը։ Ժա­մա­նակ մը վերջ, երբ անոնց նիւ­թա­կան վի­ճա­կը կը բա­րե­լաւ­ուի եւ բնա­կա­րա­նի մը տէ­րը կը դառ­նան, մեծ մայրս կը վերս­տանձ­նէ զա­ւակ­նե­րը եւ ըն­տա­նե­կան ջերմ յար­կը կը ծաղ­կի: Իսկ հօ­րե­նա­կան մեծ մայրս եօ­թե­րորդ զաւ­կին ծնունդ տա­լու ըն­թաց­քին կը մա­հա­նայ։ Հօրս եր­կու հօ­րա­քոյր­նե­րը յանձն կ’առ­նեն իմ եւ քոյր-եղ­բայր­նե­րուս խնամքն ու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը։ Հօրս հօ­րա­քոյր­նե­րը շատ զար­գա­ցած կի­ներ էին։ Այդ օրե­րուն մէ­կը Ամե­րիկ­եան Գո­լէժ աւար­տած էր, միւ­սը շր­ջա­նա­ւարտ էր Հայ­կա­նուշ­եան աղջ­կանց վար­ժա­րա­նէն։
Լի­զա քոյ­րի­կին հե­տաքրք­րա­կան պատ­մե­լա­ո­ճին ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւիմ…
-Ես Կր­թ­ա­սի­րաց վար­ժա­րա­նէն երբ շր­ջա­նա­ւարտ եղայ, հայրս լու­մա­յա­փոխ էր,  գոր­ծե­րը այդ օրե­րուն վատ ըն­թաց­քի մէջ էին, որուն հա­մար ալ ստիպ­ուե­ցայ ու­սումս կի­սատ թո­ղուլ։ Հայրս կը մեր­ժէր նպաստ ստա­նալ, իսկ ես ու­սում­նա­տենչ էի, երազս էր աշ­խա­տիլ  եւ օժան­դա­կել հօրս։ Մեր Տու­նը Սա­լի­պէի շր­ջանն էր, Ամե­րիկ­եան Գո­լէ­ժին կից, ամէն առա­ւօտ  կը դի­տէի դպ­րոց յա­ճա­խող աշա­կերտ­նե­րը, սիրտս արիւն կու լար, սա­կայն չէի ար­տա­յայտ­ուէր։  Ուս­ման հան­դէպ ու­նե­ցած սէրս այն­քան ուժ­գին էր, որ չյու­սա­հա­տե­ցայ, սկ­սայ  ըն­կե­րու­հի­նե­րէս գիր­քեր փոխ առ­նել եւ առանց ու­սու­ցի­չի օգ­նու­թեան սոր­վիլ։ Օր մը մօրս ազ­գա­կան­նե­րէն տիկ. Ներ­սոյ­եա­նը, որ մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­սուց­չու­հի էր Ամե­րիկ­եան Գո­լէ­ժի մէջ, մե­զի այ­ցե­լեց եւ առա­ջար­կեց կր­կին դպ­րոց յա­ճա­խել՝ շաբթ­ուան մէջ օգ­տա­կար դառ­նա­լու  դա­սա­րան­նե­րու մաք­րու­թեան եւ անոր փո­խա­րէն անվ­ճար  շա­րու­նա­կե­լու ու­սումս Ամե­րիկ­եան Գո­լէ­ժին մէջ։ Երա­զիս իրա­կա­նաց­ման ճամ­բան գտած էին, մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ  յօ­ժա­րե­ցայ եւ եօ­թե­րորդ կար­գի աշա­կերտ դար­ձայ։  Պա­տուոյ ցան­կին մէջ անունս միշտ գե­րա­զանց նի­շե­րով կը փայ­լէր։ Տա­րե­վեր­ջին ամե­րի­կա­ցի Լու­քըս անու­նով տնօ­րէ­նու­հին զիս, Ռո­զէթ Եկաւ­եա­նին եւ Կա­տար Պաս­մըրճի­ին հրա­ւի­րեց իր գրա­սեն­եա­կը, ին­ծի գրա­դա­րա­նէն 8-րդ կար­գի գիր­քե­րը յատ­կաց­նե­լով առա­ջար­կեց, որ ամ­րան ըն­թաց­քին պատ­րաս­տեմ  8-րդ կար­գի բո­լոր յայ­տա­գի­րը, իսկ վե­րա­մու­տին քն­նու­թիւն յանձ­նեմ, յա­ջո­ղե­լու պա­րա­գա­յին ին­նե­րորդ կար­գի աշա­կերտ ըլ­լա­լու պատիւը ու­նե­նա­լու խոս­տում տա­լով ին­ծի։
-Գի­շեր-ցե­րեկ,  առանց յու­սա­հա­տե­լու, դա­սե­րուս մէջ մխրճ­ուած բարձր նի­շեր ար­ձա­նագ­րե­լով  յա­ջո­ղե­ցայ եւ ին­նե­րորդ կար­գի աշա­կերտ դար­ձայ։
Երբ գո­լէժը աւար­տե­ցի, ծնող­քէս խնդ­րե­ցի որ մե­քե­նագ­րու­թեան գոր­ծիք մը ապա­հո­վէ։ Ամիս­ներ գրա­շա­րե­լու փոր­ձեր կա­տա­րե­ցի ու հմ­տա­ցայ։
Եր­կար փնտռ­տու­քէ ետք, Կա­ղան­դին, հօ­րեղ­բայրս  աւե­տեց, որ  ին­ծի քար­տու­ղա­րու­թեան գործ մը ապա­հո­ված է։ Ու­րա­խու­թեան ար­ցունք­ներս յոր­դե­ցան, նպա­տա­կիս հա­սած էի, պի­տի կա­րե­նա­յի ծնող­քիս օգ­տա­կար դառ­նալ։ Մեր տան մօտ Ներ­սի Շու­կա­յի խան մը ուղղ­ուե­ցանք։ Սկիզ­բը վախ մը  յա­ռա­ջա­ցաւ մէջս, սա­կայն յոյն քրիս­տոն­եայ գոր­ծա­տէ­րերս այն­քան լաւ էին, որ իրենց աղջ­կան նման կը վար­ուէ­ին հետս ու հո­գա­տար էին։ Սկիզ­բը 60 ս. ո. ամ­սա­կա­նով սկ­սայ գոր­ծի, որ թէ­եւ քիչ գու­մար էր օրա­կան եր­կու փու­լով աշ­խա­տո­ղի հա­մար, սա­կայն հայրս միշտ կը խրա­խու­սէր ըսե­լով որ նիւ­թա­կա­նը երկ­րոր­դա­կան հարց է, կա­րե­ւո­րը ար­դիւ­նա­ւէտ գործ տա­նիլն ու գոր­ծա­տի­րոջ լաւ վե­րա­բեր­մուն­քին ար­ժա­նա­նալն է։ Հայրս իրա­ւունք ու­նէր, տա­րի­ներ ետք ամ­սա­կանս 600 ս. ոսկիի հա­սաւ։ Քսան­հինգ տա­րի ծա­ռա­յե­ցի,  որ­պէս հա­ւա­տա­րիմ քար­տու­ղար։ Երբ վար­պետս մա­հա­ցաւ, գործս ձգե­ցի։
Լի­զա քոյ­րիկ,- հարց կու­տամ,- գի­տեմ որ դուն տա­րի­ներ ծա­ռա­յած ես Բեր­իոյ Թե­մի կի­րակ­նօր­եայ դպ­րո­ցէն ներս։ Պատ­մէ՛ այդ օրե­րէն։
-Այո՛, ման­կու­թե­նէս յա­ճա­խած եմ կի­րակ­նօր­եայ դպ­րոց եւ սոր­ված բա­րե­սի­րու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն եւ աղօթք։ Եղած եմ ու­սուց­չու­հի, ապա սկս­նակ բաժ­նի տե­սուչ, տա­րի­ներ նա­եւ խոր­հուր­դի ան­դամ։ Այս ալ աւելց­նեմ… այդ օրե­րուն դպ­րաց դա­սէն նկա­րիչ Գօ­գօն կ’առա­ջար­կէ երգ­չա­խումբ մը կազ­մել։ Խումբ մը աղ­ջիկ­ներով երգ­չա­խումբ կազ­մե­ցինք, որ­պէս­զի տօ­նա­կան օրե­րուն շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ըն­կե­րակ­ցէ­ինք դպ­րաց դա­սին։ Ըն­կե­րու­հի­նե­րէս մին օր մը Հա­յաս­տա­նէն Հա­լէպ վե­րա­դար­ձին օդա­նա­ւին մէջ կը հան­դի­պի Պօ­ղոս Ապաճ­եա­նին եւ կ’իմա­նայ, որ ան  մաս­նա­գի­տու­թեամբ երգ­չա­խում­բի  գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար է։ Ան­մի­ջա­պէս  կապ կը հաս­տա­տենք անոր հետ  եւ «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը կը կազ­մենք՝ օր­ուան առաջ­նորդ Սու­րէն սր­բա­զա­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Երգ­չա­խում­բի փոր­ձե­րուն յար­մար վայր չկար, մեր տան մէջ կը կա­տա­րէ­ինք փոր­ձե­րը։ «Զուարթ­նոց»ին զու­գըն­թաց մաս կազ­մած էի նա­եւ ՀԲԸՄ-ի «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բին։ Անոր գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րը պրն. Իս­կէն­եանն էր։ Եր­կու խում­բե­րուն հետ շատ մը փա­ռա­տօն­նե­րու կը մաս­նակ­ցէի, տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ ելոյթ­նե­րով հան­դէս կու գայինք։ ՀԲԸՄ-ի մէջ թա­տե­րա­կան եւ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ալ մաս կազ­մած եմ։ Աւե­լի ուշ հրա­ւիր­ուած եմ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բէն ներս ծա­ռա­յե­լու եւ մին­չեւ օրս կը փոր­ձեմ սա­տար դառ­նալ եկե­ղեցի­իս։
Ձեռ­քին տակ կը նշ­մա­րեմ Այնթապի ասեղ­նա­գոր­ծու­թեան հաս­տա­փոր գիր­քը, որուն հե­ղի­նակն է ար­ուես­տա­գէտ Հրազ­դան Թոք­մաճ­եա­նը։ Կը բա­նանք գիր­քը եւ հոն իր շնոր­հա­լի մօր ու մօ­րա­քոյր­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը կը դի­տենք՝ նս­տած այն­թա­պի ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն կը հիւ­սեն, քով-քո­վի ամէն մէ­կը բա­ժին մը հիւ­սե­լով։
Կը զմայ­լիմ տես­նե­լով իր ձե­ռա­գոր­ծը՝ նուի­րած եղ­բօր դստ­եր Մա­րի Ալի­քին։
Ան հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու շա­րա­նը կը շա­րու­նա­կէ.
-Գի­տե՞ս, մօրս ծնող­քին Սա­լի­պէի տու­նը հի­մա թան­գա­րա­նի վե­րած­ուած է, եթէ այ­ցե­լես շր­ջա­փա­կին կեդ­րո­նը պի­տի նշ­մա­րես շատր­ուան մը։  Անոր շուր­ջը կը նս­տէ­ինք հինգ քոյ­րե­րով եւ օժի­տի հա­մար ասեղ­նա­գործ կը հիւ­սէ­ինք։ Կեր­պա­սը անգլ­ի­ա­կան կ’ըլ­լար ընդ­հան­րա­պէս, իսկ դեր­ձան­նե­րը շու­կա­յէն դիւ­րաւ կը ճա­րէ­ինք։ Մայրս կը պատ­մէ, թէ լու­սա­հո­գի Սա­հակ Սր­բա­զա­նը երբ այ­ցե­լած է Հա­լէպ, այդ օրե­րուն առաջ­նոր­դա­րան չըլ­լա­լուն բե­րու­մով մեծ հօրս Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց մայր եկե­ղեց­ւոյ շր­ջա­կայ­քը գտ­նուող բնա­կա­րա­նը հիւ­րըն­կալ­ուած է։ Մեծ հօրս հա­մա­ձայն, գի­շեր­նե­րը  այդ շատր­ուա­նին շուրջ նս­տած եր­կար  ժա­մեր կը վա­յե­լէ­ին վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յու­թիւնը։
Լի­զա քոյ­րի­կը հիւ­մո­րով կը շա­րու­նա­կէ պատ­մու­թիւնը.
-Դժ­բախ­տա­բար այն­թա­պի գործ աշխատիլ չեմ գի­տեր, սա­կայն Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի ձե­ռար­ուես­տի յանձ­նա­խում­բին շնոր­հիւ սոր­վե­ցայ ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւնը եւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի գոր­ծը։
Մէկ առ մէկ ցոյց կու­ տայ մա­սուն­քի պէս պահ­ուած իր գե­ղե­ցիկ գոր­ծե­րը։ Ասոնց կող­քին նա­եւ գու­նա­ւոր բրդ­եայ ծած­կոց­ներ հիւ­սած է ան, ինչ­պէս բո­լոր աշ­խա­տա­սէր եւ տն­տե­սող հայ կի­նե­րը, որոնք հին գա­զակ­նե­րը քա­կե­լով, անոնց բուր­դը կը լուա­յին եւ ապա ծած­կոց կը հիւ­սէ­ին, կամ գու­նա­ւոր բար­ձե­րու, ան­թեւ գա­զակ­նե­րու կը վե­րա­ծէ­ին։ Մին­չեւ օրս ալ ակա­նա­տես եմ հմ­տօ­րէն հիւս­ուած այս­պի­սի վե­րար­տադ­րու­թիւն­նե­րու։ Հայ կի­նե­րուն շնոր­հա­լի ձեռ­քե­րուն ու նր­բա­ճա­շակ տա­ղան­դին իբ­րեւ ար­դիւնք։
Լի­զա քոյ­րի­կին կը յի­շեց­նեմ, որ եօ­թը օրէն­քով պատ­րաստ­ուած այն­թապ­ցի­նե­րու ճա­շե­րը համ­տե­սած եմ իր եւ եղ­բօ­րը տիկ­նոջ՝ Ծո­վի­կին ձեռ­քե­րէն, ու հարց կու տամ՝ Գա­րա­մա­նուկ­եան­նե­րուն մօր­մէ՞ն ժա­ռան­գած են եփե­լու ար­ուես­տը։ Ժպ­տե­լով այն­թապ­ցի­նե­րուն գով­քը կը հիւ­սէ.
 -Այն­թապ­ցի­նե­րը աշ­խա­տա­սէր, ճար­պիկ, խե­լա­ցի եւ խո­հա­նո­ցի վար­պետ են։ Մայրս այն­թապ­ցի­նե­րու յա­տուկ  ճա­շե­րուն կող­քին Իւ­վալ­լա­մա ճաշ մըն ալ կ’եփէր. բրին­ձը լուա­լով կը ցամ­քեց­նէր, ետ­քը մի­սով կլոր քէ­օֆ­թէ­նե­րու կը վե­րա­ծէր զայն, սի­սեռն ալ կը խա­շէր եւ մի­սով ջու­րին մէջ բո­լո­րը կ’եփէր, ապա վրան զարն­ուած մա­ծու­նը կ’աւելց­նէր ու շատ հա­մեղ ճա­շի մը կը հրամց­նէր մե­զի։
-Է՜հ,- կա­տա­կով  հարց կու­տամ,- Լի­զա՛ քոյ­րիկ, ին­չո՞ւ կ’ըսեն՝ այն­թէպցիէ աղ­ջիկ առ, բայց աղ­ջիկ մի՛ տար այն­թապցի­ին։
Խն­դա­լով կը պա­տաս­խա­նէ.
-Որ­պէս­զի չսոր­վի մեր սո­վո­րու­թիւն­ներն ու  հմ­տու­թիւն­նե­րը։ Ան­շուշտ ժո­ղովր­դա­յին խօսք է, ոչ ոք թող նե­ղա­նայ։
Ու մեր զրոյ­ցը փա­կե­լով տի­կին Լի­զան ար­դա­րօ­րէն կը հպար­տա­նայ ուս­ման մէջ իր նուա­ճած դիր­քով ու կ’աւելց­նէ.
-Մին­չեւ օրս կը սի­րեմ սոր­վիլ, զար­գա­նալ։ Ու­սա­նի­լը եր­բեք տա­րիք չու­նի։
Սիրան Ամպարճեան