Նկա­տի առ­նե­լով պա­տե­րազ­մա­կան եւ տագ­նա­պի իրա­վի­ճակ­նե­րը՝ երկ­րէն դուրս ապ­րող սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն այն պատ­կե­րը փո­խանց­ուած է, որ Սուր­իոյ կա­ռա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ տակ­նուվ­րա­յու­թիւն մը կայ, որուն պատ­ճա­ռով դիւ­րաւ զեղ­ծա­րա­րու­թիւն­ներ կը գործ­ուին եւ կալ­ուած­նե­րու սե­փա­կա­նա­տէ­րեր կը կորսնց­նեն իրենց կալ­ուած­նե­րը: Այս պատ­կե­րը իրա­կա­նու­թեան չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, երկ­րի պե­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել օրէն­քի իշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ:
Այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով բազ­մա­թիւ լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ յղ­ուե­լուն բե­րու­մով, այս թիւով պի­տի յս­տա­կաց­նենք կալ­ուա­ծա­յին կարգ մը հար­ցեր:
Նախ պէտք է իմա­նալ, որ Սուր­իոյ մէջ կալ­ուա­ծա­յին հար­ցե­րու կեդ­րո­նը ԿԱԼ­ՈՒԱ­ԾԱ­ՅԻՆ ՏՈ­ՄԱ­ՐԻ ՏՆՕ­ՐԷ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ է: Իւ­րա­քան­չիւր նա­հան­գի մէջ կը գոր­ծէ իր շր­ջա­նին կալ­ուա­ծա­յին տո­մա­րի կեդ­րո­նը:
Շատ կա­րե­ւոր է իմա­նալ, որ կալ­ուա­ծա­յին տո­մա­րի տու­եալ­նե­րը խորհըր­դա­պա­հա­կան չեն, այլ՝ բա­ցա­յայտ: Այ­սինքն՝ ցան­կա­ցած կալ­ուած նախ­քան գնե­լը կա­րե­լի է դի­մել կալ­ուա­ծա­յին կեդ­րոն եւ խնդ­րել անոր հա­մա­պա­տաս­խան ծա­նօ­թա­գի­րը, ուր ար­ձա­նագր­ուած կ’ըլ­լա՛ն կալ­ուա­ծին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր այն խն­դիր­նե­րը, որոնք կան կալ­ուա­ծին վրայ, օրի­նակ կալ­ուա­ծի երաշ­խի­քով  կալ­ուա­ծա­տի­րոջ կող­մէ դրա­մա­տու­նէն վեր­ցու­ցած վարկ կամ կալ­ուա­ծի դա­տա­կան հար­ցեր, եւ այլն:
Կալ­ուա­ծա­յին որե­ւէ դատ յա­րու­ցա­նե­լու պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է կալ­ուա­ծա­յին  տո­մարի­ն մէջ տու­եալ կալ­ուա­ծի էջին վրայ նշա­նագ­րել: Այս նշա­նը սա­կայն ար­գելք չի հան­դի­սա­նար կալ­ուա­ծը ծախ­ե­լու եւ կամ անոր առն­չու­թեամբ որե­ւէ վե­րա­բե­րում կա­սեց­նե­լու:
Կալ­ուա­ծի վա­ճառ­քի պա­րա­գա­յին եր­կու կող­մե­րը (ծա­խողն ու գնո­ղը) հար­կա­ւոր է, որ եր­կու կեդ­րոն­նե­րու մէջ հա­մա­պա­տաս­խան պաշ­տօն­եա­նե­րու ներ­կա­յա­նան եւ ստո­րագ­րեն վա­ճառ­քի պայ­մա­նա­գի­րը: Այդ կեդ­րոն­նե­րը ելեւմ­տա­յին (Ֆի­նան­սա­կան) ու կալ­ուա­ծա­յին տո­մա­րի տնօ­րէ­նու­թիւն­ներն են: Սա­կայն ելեւմ­տա­յին կեդ­րո­նին մէջ ստո­րագր­ուած վա­ճառ­քի փաս­տա­թուղ­թե­րը վա­ճառ­քը փաս­տար­կող վա­ւե­րա­թուղ­թե՞ր են, այ­սինքն՝ վա­ճառ­քը ապա­ցու­ցե­լու օրի­նա­կան ուժ ու­նի՞ն: Պա­տաս­խա­նը ո՛չ է, որով­հե­տեւ ելեւմ­տա­յին տնօ­րէ­նու­թ­է­ան մէջ ստո­րագր­ուած վա­ւե­րա­թուղ­թե­րը իրա­ւուն­քը ո՛չ կը հաս­տա­տեն, ո՛չ կը հեր­քեն, այլ կը ծա­ռա­յեն միայն տուր­քե­րու ճշդ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, որ նա­խա­պայ­ման է որե­ւէ վա­ճառք կա­տա­րե­լու պա­րա­գա­յին, այ­սինքն՝ գոր­ծո­ղու­թիւնը կը սկ­սի ելեւմ­տա­յին կեդ­րո­նին մէջ եւ կը շա­րու­նակ­ուի կալ­ուա­ծա­յին տո­մա­րի կեդ­րո­նին մէջ, ուր ստո­րագր­ուած վա­ւե­րա­թուղ­թե­րը օրէն­քի ուժ կը ստա­նան:
Այլ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը եւս յս­տա­կաց­նենք, որ կը վե­րա­բե­րի կալ­ուա­ծա­գի­րին կամ սե­փա­կա­նա­գի­րին կամ ինչ­պէս տա­րած­ուած է հա­սա­րա­կութ­եան մէջ «կա­նաչ թա­փու»ին: Մար­դիկ կը կար­ծեն, որ եթէ կալ­ուա­ծա­գի­րը տան ապա­հով դա­րակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ պահ­ուած է կը նշա­նա­կէ, որ կալ­ուա­ծը ապա­հով վի­ճա­կի մէջ է եւ ոչ ոք կր­նայ անոր վրայ օրի­նա­կան շար­ժում ըրած ըլ­լալ: Սա­կայն այս մէ­կը իրա­կա­նու­թ­եան չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ: Կալ­ուա­ծա­գի­րը այն­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նի, որ­քան կալ­ուա­ծի ծա­նօ­թա­գի­րը, ին­չու՞, որով­հե­տեւ օրա­կան կամ աւե­լի ճիշ­դը ժա­մա­կան (որով­հե­տեւ կալ­ուա­ծա­յին շար­ժում­նե­րուն մէջ ժամն ու վայրկ­եա­նը իմաստ ու­նին) կա­տար­ուած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը (դրամատ­նա­յին վար­կեր, դա­տա­կան խն­դիր­ներ, եւայլն) ծա­նօ­թա­գի­րին վրայ կ’ար­ձա­նագր­ուի՛ն եւ ոչ թէ դա­րա­կին մէջ պահ­ուած կա­նաչ սե­փա­կա­նա­գի­րին: Հե­տե­ւա­բար եթէ որե­ւէ կալ­ուած պի­տի գնէք եւ ծա­խո­ղը ձե­զի ցոյց տայ կալ­ուա­ծի «կա­նաչ սե­փա­կա­նա­գի­րը» (կա­նաչ թա­փուն) բնաւ կա­րե­ւո­րու­թիւն չըն­ծա­յէք անոր, այլ ստա­ցէք անոր վրայ ար­ձա­նագր­ուած կալ­ուա­ծա­յին թիւե­րը, դի­մե­ցէք կալ­ուա­ծա­յին տո­մա­րի կեդ­րոն եւ ստա­ցէք կալ­ուա­ծի ծա­նօ­թա­գի­րը, այն է որ ձե­զի կալ­ուա­ծի իս­կա­կան վի­ճա­կի պատ­կե­րը կը հա­ղոր­դէ:
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան