Հա­կա­ռակ Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ծանր պայ­ման­նե­րուն, Հա­լէ­պի մէջ Հա­մազ­գա­յի­նի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը «Զա­ւար­եան» մշա­կու­թա­յին նոր կեդ­րո­նի հաս­տա­տու­մով աշ­խոյժ թափ ստա­ցաւ:
Հա­մազ­գա­յի­նի «Զա­ւար­եան» Մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը միու­թեան կեան­քի կոչ­ուած օրէն առա­ջինն է որ­պէս հա­մա­պար­փակ կա­ռոյց: Կեդ­րո­նին հիմ­նար­կէ­քը կա­տար­ուե­ցաւ 10 Դեկ­տեմ­բեր 2018-ին:
Նոր կեդ­րո­նին ըն­ձե­ռած առա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին «Գան­ձա­սար»ի ըն­թեր­ցող­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ Հա­մազ­գա­յի­նի Ս. Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Պերճ Պօ­ղիկ­եան:
«Գան­ձա­սար».- 2018-ին երբ Ազգ. Զա­ւար­եան վար­ժա­րա­նը, ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մէկ­տե­ղու­մէն տա­րի­ներ ետք, որ­պէս կեդ­րոն Հա­մազ­գա­յի­նին տրա­մադր­ուե­ցաւ եւ անոր հիմ­նա­քա­րը զե­տեղ­ուե­ցաւ, նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը ինչ­պի­սի՞ հեր­թա­կա­նու­թեամբ ըն­թա­ցան:
Պերճ Պօ­ղիկ­եան.- 2018-ին, երբ Ազգ. Զա­ւար­եան վար­ժա­րա­նի շէն­քը տրա­մադր­ուե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նին, նախ պա­րա­խում­բի փոր­ձա­տե­ղի ու­նե­նա­լու հա­մար աշ­խա­տան­քի լծ­ուե­ցանք եւ նախ­կին ման­կա­պար­տէ­զի սրա­հը պատ­րաստ­ուե­ցաւ հա­յե­լի­նե­րով եւ սա­լա­յա­տա­կով, որ­պէս­զի «Շու­շի» եւ «Սար­դա­րա­պատ» պա­րա­խում­բե­րը վերսկ­սին իրենց փոր­ձե­րը կա­տա­րել:
Հե­տա­գա­յին Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­լէ­պի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան եւ յանձ­նա­խում­բե­րու սեն­եակ­նե­րը պատ­րաստ­ուե­ցան:
«Զա­ւար­եան» նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժի­նը կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մէջ էր եւ նո­րո­գու­թեան ծրագ­րի մշակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կար: Հե­տե­ւա­բար կազմ­ուե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զա­ւար­եան» Մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի խնա­մա­կա­լու­թիւնը՝ ստանձ­նե­լու նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տան­քը: Շնոր­հիւ նուիր­եալ ըն­կեր­նե­րու բա­զուկ­նե­րուն, ինչ­պէս՝ ընկհ. Անի Գալտն­եա­նի (ատե­նա­պետ) եւ կա­պա­լա­ռու՝ ընկ. Զոհ­րապ Օսիկ­եա­նի, նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը աշ­խոյժ թա­փով ըն­թացք առին:
Հա­յա­գի­տա­կան հիմ­նար­կի մնայուն կեդ­րո­նի խիստ կա­րի­քը կար, որուն պատ­ճա­ռով մեր կի­զա­կէ­տը դար­ձաւ հիմ­նար­կի տե­ղա­փո­խու­մը նոր կեդ­րոն: Առա­ջին փու­լին տե­ղի ու­նե­ցան դա­սա­րան­նե­րու եւ տնօ­րէ­նու­թեան գրա­սեն­եա­կի նո­րո­գու­թիւն­ներն ու կա­հա­ւո­րու­մը եւ 2020-2021 ու­սում­նա­կան տա­րեշըր­ջա­նը ընթացաւ «Զա­ւար­եան» մշա­կու­թա­յին նո­րոգ­ուած կեդ­րո­նին մէջ:
Հե­տա­գա­յին յա­ջոր­դա­բար կեդ­րոն տե­ղա­փոխ­ուե­ցան «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը, թա­տե­րա­կան մի­ա­ւո­րը եւ «Ար­շիլ Կոր­քի» կեր­պար­ուես­տի ու­սում­նա­րա­նը:

«Գ.»- Նո­րո­գու­թիւնը ո՞ր փու­լին հա­սած է եւ որ­քան ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, որ­պէս­զի հա­մալր­ուին բո­լոր բա­ժին­ներն ու կազ­մե­րու գրա­սեն­եակ­նե­րը:
Պ.Պ.- Երախ­տա­պարտ ենք ընկ. Զոհ­րապ Օսիկ­եա­նին՝ իր փոր­ձա­ռու­թիւնը ի գործ դնե­լուն հա­մար, որուն շնոր­հիւ նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը նա­խա­տես­ուա­ծէն աւե­լի կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մէջ իրա­գործ­ուե­ցան:
Իսկ նո­րո­գու­թեան հիմ­նա­կան եւ դժ­ուա­րին եր­կու բա­ժին­նե­րը՝ «Բ. Կա­նաչ­եան» երաժշ­տա­նո­ցը եւ թա­տե­րաս­րա­հը, առայժմ յե­տաձգ­ուած են: Այդ եր­կու բա­ժին­նե­րու, մա­նա­ւանդ թա­տե­րաս­րա­հի, նո­րո­գու­թիւնը հս­կայ նիւ­թա­կա­նի եւ եր­կար ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի:
«Բար­սեղ Կա­նաչ­եան» երաժշ­տա­կան դպ­րո­ցը այժմ իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կը ծա­ւա­լէ Ազգ. Մի­աց­եալ Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նին մէջ, որուն հա­մար շատ շնոր­հա­կալ ենք դպ­րո­ցի հիւ­րըն­կալ հո­գա­բար­ձութ­եան:
Իսկ թա­տե­րա­կանի սե­ղա­նա­յին փոր­ձե­րը թէ­եւ տե­ղի կ’ու­նե­նան նոր կեդ­րո­նի թաֆերական միաւորի բա­ժի­նէն ներս, սա­կայն ելոյթ­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան «Գ. Եսայ­եան» սրա­հէն ներս, որուն հա­մար հս­կայ գու­մար­ներ կը վճար­ուին որ­պէս սրա­հի վարձք:
«Զա­ւար­եան» թա­տե­րաս­րա­հը Հա­մազ­գա­յի­նին հա­մար կեն­սա­կան է, որով­հե­տեւ ան նման է թո­քի, որուն մի­ջո­ցով կը շն­չէ եւ իր կեն­սունա­կու­թիւնը կը վե­րագտ­նէ միու­թիւնը: Հա­մազ­գա­յի­նի ելոյթ­նե­րը կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ իրա­գոր­ծե­լու պա­րա­գա­յին առա­ւել կ’աշ­խու­ժա­նայ կեդ­րո­նը եւ հե­տե­ւա­բար՝ միու­թիւնը:
Սա­կայն ինչ­պէս նա­խա­պէս յայտ­նե­ցի, թա­տե­րաս­րա­հի նո­րո­գու­թիւնը հս­կայ նիւ­թա­կան կը պա­հան­ջէ: Առ այդ, աշ­խար­հաց­րիւ հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րէն ներդ­րում կ’ակն­կա­լենք՝ այս կեն­սա­կան գոր­ծը յա­ջո­ղու­թեամբ ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար:

«Գ.»- Հա­մազ­գա­յի­նի «Զա­ւար­եան» Մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը որ­պէս ամ­բող­ջա­կան կա­ռոյց, որ­քա­նո՞վ կեն­սա­կան կը հա­մա­րէք:
Պ.Պ.- Նա­խա­պէս Հա­մազ­գա­յի­նը ցի­րու­ցան եւ թա­փա­ռա­կան վի­ճա­կի մէջ եղած է, «Ն. Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղը, Շրջ. Վար­չու­թեան մի­ա­ւոր­նե­րը տար­բեր վայ­րե­րու մէջ կը գոր­ծէ­ին, ինչ­պէս նա­եւ փոր­ձա­տեղիի եւ ար­խիւ­ներ հա­ւա­քե­լու ու պա­հե­լու դժ­ուա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ­ինք:
Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րէ­ին, Հա­մազ­գա­յի­նին տրա­մադր­ուած էր «Նա­ւա­սարդ­եան» կեդ­րո­նը, որ մա­սամբ պար­փա­կած էր մեր տարբեր գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս՝ պա­րա­խում­բի, երգ­չա­խում­բի եւ կեր­պար­ուես­տի: Պա­տե­րազ­մի շր­ջա­նին թէ­եւ շա­րու­նակ­ուե­ցան գրե­թէ բո­լոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը, սա­կայն թա­փա­ռե­ցանք ազ­գա­յին ապա­հով կա­ռոյց­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ «Ս. Վրաց­եան», «Ա. Մա­նուկ­եան» կեդ­րոն­ներ, Ազգ. Մի­աց­եալ վար­ժա­րան եւ այլն: «Զա­ւար­եան» կեդ­րո­նը ուղ­ղա­կի փր­կու­թիւն եղաւ Հա­մազ­գա­յի­նի բո­լոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը, ար­խիւ­նե­րը եւ կազ­մե­րը պար­փա­կե­լու առու­մով:
Նոր կեդ­րո­նը դար­ձաւ նոր սե­րուն­դին հա­մախմ­բու­մի, նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ յայտ­նա­բե­րե­լու, հայ կր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան են­թա­հող պատ­րաս­տե­լու ամ­բող­ջա­կան վայր:

«Գ.»- Երի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ հայ մշա­կոյ­թին նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւնը խթա­նե­լու եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի որա­կը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար ինչ­պի­սի՞ աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր կա­րե­լի է մշա­կել Հա­մազ­գա­յի­նի տար­բեր ոլորտ­նե­րուն մէջ:
Պ.Պ.- Նման գա­ղու­թի մնաց­եալ միու­թիւն­նե­րուն, Հա­մազ­գա­յի­նը նա­եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան­դամ­նե­րու բա­ւա­կան մեծ կո­րուստ ու­նե­ցաւ: Երի­տա­սարդ տար­րը, մա­նա­ւանդ մի­ջին տա­րի­քի խա­ւը, գաղ­թեց, հե­տե­ւա­բար երէց­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնը չփո­խանց­ուե­ցաւ կրտ­սեր սե­րուն­դին: Հա­մազ­գա­յի­նը կը փոր­ձէ այս վնա­սը շր­ջան­ցե­լով նո­րա­հաս երի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բել եւ ստեղ­ծել աշ­խա­տու­նակ սե­րունդ, նոր որակ, կառ­չե­լով իր մշա­կու­թա­յին կեան­քի յառաջընթացի տես­լա­կա­նին:
Այս ուղ­ղու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նը կազմակերպեց թա­տե­րա­կան արուեստի դասընթացք, աս­մուն­քի դպ­րո­ց, երաժշ­տա­կան խում­բե­րը, երաժշտանոցի ու կերպարուեստի գործունէութիւնը աշխուժացուց եւ այլն: Վե­րո­յիշ­եալ ոլորտ­նե­րէն ներս, մաս­նա­գէտ­նե­րու հս­կո­ղու­թեամբ, յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ, ելոյթ­ներ ու միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին հա­մոյթ­ներ կազ­մա­կերպ­ուե­ցան:
Ու­նե­ցանք երի­տա­սարդ նորագիրներ, որոնց վս­տահ­ուե­ցաւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն վստահուեցաւ, որպէսզի իրենց ներդ­րու­մը բե­րե­ն միու­թեան աշ­խու­ժաց­ման, գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րու որա­կի բա­րե­լաւ­ման եւ նոր ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման մէջ:
Յա­ճախ կը յի­շեմ օրի­նա­կը այն կոճ­ղին, որ կա­ցի­նա­հար­ուե­ցաւ եւ դարձ­եալ ծլիլ սկ­սաւ: Հա­մազ­գա­յի­նը նման այդ կոճ­ղին շատ քիչ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նա­լու՝ նոր սե­րուն­դին բե­րած նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը քա­ղե­լով:
Նա­խա­տես­ուած է նոր կեդ­րո­նի բա­ցման ձեռնարկ մը՝ ծանօթացնելու նոր կեդրոնն ու Համազգայինի տարաբնոյթ գործունէութիւնը հանրութեան:
Հա­մազ­գա­յի­նի երազն էր ու­նե­նալ հա­մա­պար­փակ կեդ­րոն մը, որ կ’իրա­կա­նա­նայ միայն երբ թա­տե­րաս­րա­հի նո­րո­գու­թիւնը ամ­բող­ջա­նայ եւ երաժշ­տա­կան դպ­րո­ցը փո­խադր­ուի նոր կեդ­րոն:
Յոյ­սով ենք, որ ար­տերկ­րի բո­լոր հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րը զօ­րա­վիգ կը կանգ­նին եւ իրենց բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ներդ­րու­մը կը բե­րեն Հա­մազ­գա­յի­նին:
Բնա­կա­նա­բար կա­ռոյ­ցի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մին չափ եւ աւե­լի կա­րե­ւոր է մեր երի­տա­սար­դու­թեան մօտ հայ մշա­կոյ­թին նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծելն ու մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան որա­կի բա­րե­լա­ւու­մը: Այս ուղ­ղու­թեամբ եւս իւ­րա­քան­չիւր մի­ա­ւոր եւ մաս­նա­ճիւղ աշ­խա­տանք ու­նի կա­տա­րե­լիք: Այլ առի­թով մը առանձ­նա­բար կ’անդ­րա­դառ­նանք այս նիւ­թին: Բա­րե­բախ­տա­բար տա­րի­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք այ­սօր կեան­քի կոչ­ուած է Հա­լէ­պի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի «Ար­շիլ Կոր­քի» կեր­պար­ուես­տի ու­սում­նա­րա­նը, այս տա­րի ելոյթ­նե­րով հան­դէս եկան մաս­նա­ճիւ­ղի աշու­ղա­կան եւ էսդ­րա­տա­յին խում­բե­րը, «Զուարթ­նոց» երգ­չախմ­բա­յին մի­ա­ւո­րը մէ­կէ աւե­լի առիթ­նե­րով բեմ բարձ­րա­ցուց երգ­չա­խում­բը, Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կը կը սեր­տէ աշ­խա­տան­քի նոր ծրա­գիր­ներ, Գա­միշլիի մէջ վերաշխուժացած է Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւղը, Դա­մաս­կո­սի, Լա­թաք­իոյ եւ Քե­սա­պի մէջ Հա­մազ­գա­յի­նը կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը տի­րող անբ­նա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ:

Բոլորս ձեռք-ձեռքի տուած պիտի աշխատինք, որպէսզի քայլ առ քայլ մշակութային կեանքը նոր որակի բարձրացնենք եւ երիտասարդութիւնը ներառնենք միութեան այլազան աշխատանքներուն մէջ, համապարփակ, պահանջուած կարելիութիւններով օժտուած կեդրոնի մէջ։

Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա Պոզեաքալեան