Կազմակերպութեամբ Համազգայինի « Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական Հարցը եւ Դաւադրական Դաշնագիրները 1878-1923» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։ Ձեռնարկին ներկայ էին կեդրոնի պատասխանատու մարմինի անդամները, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ազգայիններ: Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց դասախօսին հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք վարչութեան խօսքը արտասանեց Վարանդ Մելքոնեան։ Ան անդրադարձ կատարեց վարչութեան հետեւողական աշխատանքին, դիտել տալով, որ վարչութիւնը ճիգ չի խնայեր լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդը յուզող պատմական իրադարձութիւնները: Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սերուժ Ղազարեան, որ հայրենաշունչ ոգիով մեներգեց «Ախբերս ու Ես»ը տպաւորելով ներկաները եւ Սերժ Պոյաճեան, որ ջութակով հմտօրէն նուագեց «Ազգ Փառապանծ»ը։ Օրուան բանախօս դոկտ.Սարգիս Պուրունսուզեան համապարփակ գիծերու մէջ ամփոփեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ փոթորկալից ժամանակաշրջանը՝ սկսելով Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրէն հասնելով Լոզանի դաշնագիր, ուր հայ ժողովուրդը մեծ պետութիւններու քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերուն յաճախակի զոհը դարձաւ , բայց եւ այնպէս Սեւրի դաշնագիրով հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային, իրաւական ճանաչումը։ Բանախօսը շեշտեց, որ Սեւրը միջազգային միակ փաստաթուղթն է, ուր մանրամասնօրէն ճշդուած ու քարտէզագրուած է հայեւթրքական միջպետական սահմանագծումը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։ Ըստ այդ դաշնագիրին, Օսմանեան Թուրքիան կը յայտարարէր, որ կը ճանչնայ Հայաստանը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն, որուն սահմանները պիտի անցնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի տարածքներով, դէպի Սեւ ծով ելք ունենալով, սակայն Լոզանի դաշնագիրին ստորագրումով կրկին քաղաքական ու դիւանագիտական շահերը գերիշխեցին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն՝ հայեւթրքական իրաւական սահմանագծումը խախտելով ու կտրատելով Սեւրով ամրագրուած սահմանները հայաստանի հանրապետութիւնը ձգեցին այսօրուան իր ներկայ տարածքով: Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց հայրենիքի մերօրեայ քաղաքական իրադրութիւններուն առնչուած ներկաներուն հարցումներուն: Դասախօսական երեկոն վերջ գտաւ Արժն.Տէր Պսակ քհնյ.Պէրպէրեանի «Պահպանիչ» աղօթքով: