Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նորընտիր Նախարարները վարչապետ Հուսէյն Արնուսի նախագահութեամբ երդման արարողութեան մասնակցեցան։ Անոնք երդում տուին Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ Ասատին դիմաց, խոստանալով գործել յանուն երկրին ու ժողովուրդին շահերուն։