Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հոմսի հարաւարեւելեան «Ապու Ռապահ» շրջանին մէջ կազի նոր հոր մը աշխատանքի դրուեցաւ։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հորը 300. 000 մեթր խորանարդ կազ պիտի արտադրէ օրական, սակայն այդ կազը բնակարանային օգտագործման յարմար չէ, այլ ամբողջովին պիտի տրամադրուի Սուրիոյ մէջ ելեկտրածին կայաններու ծառայութեան։