Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» թերթը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կը վարեն 2 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր գնելու համար: Օրաթերթը կը մատնանշէ երկու հիմնական գործօններ, որոնց պատճառով Պաքու կը փորձէ բանակը հզօրացնել իսրայէլեան սպառազինութեամբ: Առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի հետ սահմանին վրայ յաճախակի դարձած փոխադարձ կրակոցներուն, որոնք կրնան վերածուիլ Արցախի մէջ նոր պատերազմի, իսկ երկրորդը` վերջին պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի արձանագրած յաղթանակէն ետք Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խորացումն է: Ատրպէյճանի մէջ արդէն կան իսրայէլեան պաշտպանական ընկերութիւններու զարգացման կեդրոններ: Իսրայէլեան ընկերութիւններ բոլոր ոլորտներուն մէջ` ապահովականէն մինչեւ գիւղատնտեսութիւն, զգալի մասնակցութիւն ունին Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն: Կը յիշուի նաեւ, որ Ատրպէյճան կրնայ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն մը բանալ: