Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող «21» թուակիր օրէնքը, որ կը նպատակադրէ պետութեան դերը ամրապնդել մանուկներու իրաւունքներու պահպանման ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ մանուկները խնամել, գիտական, մշակութային եւ ընկերային առողջ մթնոլորտ ստեղծել անոնց համար, ինչ որ կը նպաստէ մանուկին նկարագիրի կազմաւորման։