Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրաքի ժողովրդային խորհուրդի նախագահ Ֆալէհ Ֆայյատը, որ իր կարգին փոխանցեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի նամակը։ Նամակին մէջ վարչապետը կեդրոնացած էր Իրաքի յարակից պետութիւններու խորհրդաժողովին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտին։ Այս առիթով վարչապետ Ֆայյատ շեշտած էր սուրիական-իրաքեան կողմերու աշխատանքի համակարգման անհրաժեշտութիւնը խորհրդաժողովի նախօրէին։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն գործակցութեան, յարաբերութեան ամրապնդման միջոցներուն շուրջ, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ սահմանային անվտանգութեան պահպանման, ինչ որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շարժումի բարելաւման։