Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով հովուական այցելութեամբ Քեսապ գտնուած շրջանին այցելեց Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Արցախ» բանակումի պատանիներուն, իրենց բանակավայրէն ներս: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հալէպէն, Քեսապէն, Լաթաքիայէն եւ Դամասկոսէն ժամանած շուրջ 220 պատանիներ, որոնք եօթ օրերու տեւողութեան բովանդակալից յայտագիրով եւ գործունէութեամբ միասին պիտի բանակին Քեսապի հայաշունչ աւանէն ներս:
Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին եւ պատասխանատուներուն կողմէ: Բանակումի ընդհ. պատասխանատու Սեւան Շահպազեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա հրաւիրեց զինք իր սրտի խօսքը ուղղելու պատանիներուն:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Քեսապ կատարած իր հովուական այցելութեան, շեշտելով մեր ժողովուրդի աւանդութիւնները պահելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծելով, որ խաղողօրհնէքը եւ մատաղօրհնէքը մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան մաս կազմող արժէքներ են, որոնք դարեր շարունակ պահած ենք եւ կը շարունակենք պահել:
Ան անդրադարձաւ անցնող օրերուն ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցքին եւ տարեկան բանակումի խարուկահանդէսին, որոնց ներկայ գտնուելով քաջալերեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց սկաուտներուն:
Մասիս եպիսկոպոս իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց պատանիներուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ընտանիքի, հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցի եւ հայ ակումբի հիմնական դերակատարութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ Պատանեկան Միութիւնը հայեցի-քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ, հետեւաբար ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց-ակումբ որպէս մէկ ամբողջութիւն ազգային եւ եկեղեցական դաստիարակութեամբ կը կերտեն հայ պատանին եւ երիտասարդը:
Սրբազանը մաղթեց, որ անոնք եօթ օրերու ընթացքին լաւագոյնս օգտուին այս գեղեցիկ առիթէն, մաքուր բնութենէն, առողջ դաստիարակութենէն եւ սորվին իրենց պատասխանատուներու հարուստ փորձառութենէն:
«Պահպանիչ» աղօթքը արտասանելէ ետք սրբազան հայրը մեկնեցաւ բանակավայրէն: