Այսօր՝ Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ կը յիշատակուի 15 Օգոստոսի մօտակայ Կիրակի օրը: Պատարագէն ետք տեղի կ’ունենայ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք միայն կարելի է խաղող ուտել:
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս Կիրակի 15 Օգոստոս 2021-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ, ապա խաղողօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ: Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան աւանդութիւնը պահելով եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը փոխանցեց եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Հրայր Թրթռեանի, Սուրիոյ շրջաններէն ժամանած ուխտաւորներու, ազգային մարմիններու եւ քեսապահութեան հոծ բազմութեան:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, թափօր կազմած Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի։ Ս. Խորանին սպասարկեցին Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեանը: Եկեղեցւոյ դպրաց դասին հոգեպարար երգեցողութեամբ հնչեց Պատարագի քաղցրահունչ շարականները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հայրական պատգամը, պարզաբանելով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին խորհուրդը: Ան անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի աստուածահաճոյ վարքին, ընդգծելով անոր զոհաբերութիւնը, Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը, խոնարհութիւնը, մայրական գուրգուրանքը, ինքզինք ամբողջութեամբ Աստուծոյ ընծայաբերելը: Այս առաքինութիւններուն շնորհիւ Մարիամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ, շարունակեց պայքարիլ այս աշխարհի մէջ եւ պայքարի աւարտին երկինք բարձրանալով իր որդւոյն՝ Քրիստոսի միացաւ:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները հետեւելու Մարիամի կեանքի ոճին, հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ ընտրելու այն արժէքները, որոնք մեզ ներքնապէս կը զարդարեն: Ան Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ուխտաւորներուն կողմէ դիմեց Մարիամի բարեխօսութեան, որպէսզի դուրս գանք աշխարհի մեր ցաւերէն եւ դժուարութիւններէն:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ անցնող տարիներուն քեսապահայութիւնը պայքարելով կառչած մնաց իր հողերուն եւ սուրիական բանակին կողքին ազատագրեց Քեսապը չարին որոգայթներէն: Այսօր, շնորհիւ քեսապահայ երիտասարդներուն սիրոյն եւ զոհողութեան, Քեսապը կ’ապրի եւ կը գոյատեւէ տէր կանգնելով մեր ազգային արժէքներուն՝ եկեղեցիին, ազգային Ճեմարանին, ակումբներուն եւ ազգային կառոյցներուն:
Սրբազան Հայրը տօնական այս ցնծութեան մէջ իր ուրախութիւնն ու գնահատական խօսքը ուղղեց Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին, Քեսապի Թաղականութեան եւ ազգային մարմիններուն, որոնք հաւաքական աշխատանքով կը ծաղկեցնեն Քեսապի հոգեւոր եւ ազգային կեանքը: Ան գնահատեց արտասահմանի մէջ գտնուող քեսապահայերը, որոնք նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ այցելութեամբ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քեսապահայութեան եւ մեր ազգային կառոյցներու վերելքին:
Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած մաղթեց, որ Ամենակալը պահէ եւ պաշտպանէ սուրիական հայրենիքը, Հայաստանն ու Արցախը եւ վերափոխման այս ցնծալի տօնին հայցեց երկինքի մէջ գտնուող Մարիամի բարեխօսութիւնը, մայր մը, որ կը գուրգուրայ մեզի եւ կը պաշտպանէ մեզ՝ մեր բոլոր ցաւերէն:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեամբ:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցք՝ Քեսապի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտներուն մասնակցութեամբ: Տողանցքը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն հասնելով մինչեւ Քեսապի համալիր, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ արաբերէն խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Սագօ Քէչէճեան, որ այս առիթով երախտագիտական եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին՝ վերընտրութեան առիթով: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիական հայրենիքին, սուրիական բանակին, խաղաղութիւն մաղթեց նահատակներու հոգիներուն եւ բարի ապաքինում՝ բանակի վիրաւորներուն:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն եկանք միանալու քեսապահայութեան եւ գնահատելու անոր զաւակներուն կառչածութիւնն ու ամուր կեցուածքը հանդէպ սուրիական հայրենիքին եւ Քեսապի ազգային արժէքներուն: «Եկած ենք անգամ մը եւս հաստատելու, թէ սուրիահայը սուրիական հայրենիքին եւ անոր հողերուն ամբողջականութեան նկատմամբ իր հաւաքական կեցուածքը կ’արտայայտէ», աւելցուց ան:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց քեսապահայերուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կառչած կը մնան Քեսապին, կը պահեն քեսապահայութեան աւանդութիւններն ու ազգային արժէքները: Ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Հալէպի պատմական եւ անկիւնադարձային միջ-մասնաճիւղային տողանցքէն ետք այսօր եկած է Քեսապի աւանդութիւնը պահելու եւ միանալու քեսապահայութեան երթին:
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Սուրիոյ պատերազմէն առաջ թէ ետք մեր կեցուածքը մէկ է սուրիական հայրենիքին եւ անոր բանակին նկատմամբ՝ հաւատարմօրէն ծառայել սուրիական հայրենիքին, որ մեզի կեանք տուաւ: Հետեւաբար ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն մեր խօսնակները դառնալով յոյսի պատգամը փոխանցել բոլորին:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի սուրիական քայլերգի նուագակցութեամբ, պաշտօնական հաւաքը հասաւ իր աւարտին: