Հա­յաս­տա­նի նո­րըն­տիր խորհր­դա­րա­նին առա­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րու աշ­խա­տան­քին դի­մաց, կա­ռա­վա­րու­թեան, նա­եւ ար­ցախ­եան բե­մե­րուն վրայ տե­ղի ու­նե­ցող եւ զի­րար խա­չա­ձե­ւող զար­գա­ցում­նե­րը, մին­չեւ իսկ եթէ տեղ-տեղ բա­րե­յոյս նշան­ներ ի յայտ կը բե­րեն, ընդ­հան­րու­թեան մէջ կը ստեղ­ծեն խառ­նաշ­փոթ պատ­կեր մը, որ­մէն դուրս գա­լու, ծան­րակ­շիռ հար­ցե­րը բաց աչ­քե­րով տես­նե­լու եւ զա­նոնք ճա­կա­տէն դի­մագ­րա­ւե­լու կամ­քը գլուխ չի կր­նար բարձ­րաց­նել:
Անի­մաստ է կանգ առ­նել քայ­լա­փոխ առ քայ­լա­փոխ ար­ձա­նագ­րուող նո­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ: Եթէ ընտ­րենք քա­նի մը գիծ, մեր աչ­քե­րուն դի­մաց կը պարզ­ուի խայ­տաբ­ղէտ խճան­կար մը, ուր գե­րի­րա­պաշ­տու­թիւնն ու վե­րա­ցա­կա­նու­թիւնը մր­ցու­մի մէջ են ան­հե­թե­թին հետ՝ ամէն ան­կիւ­նէ բարձ­րա­ցող տար­բեր ձայ­նի մը խառ­նա­րա­նին մէջ:
* * *
Վար­չա­պե­տը կը հաս­տա­տէ ու դա­տա­պար­տե­լի կը գտ­նէ, որ Ատր­պէյ­ճան «սադ­րիչ արարք­ներ»ու կը դի­մէ, «կ’ու­զէ խա­փա­նել խա­ղա­ղու­թեան եր­թը», Հա­յաս­տան որե­ւէ մէ­կէն հող գրա­ւե­լու ախոր­ժակ չու­նի, խա­ղա­ղա­սէր է, եւ այդ մօ­տե­ցու­մով (եւ տրա­մա­բա­նու­թեամբ) ալ կը ձգ­տի… եր­թե­ւե­կի ճամ­բա­նե­րու վե­րա­բաց­ման, տն­տե­սա­կան գոր­ծակ­ցա­կան ծրա­գիր­նե­րու հե­տապնդ­ման: Յայտ­նի չէ, թէ սադ­րի­չին հետ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է  խա­ղաղ գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­նիլ, կամ «հող չենք ու­զեր»ը կը շա­րու­նա­կէ՞ ընդգր­կել «դժ­բախտ Շու­շին» եւ միւս կո­րուս­եալ հո­ղե­րը… (ան­շուշտ մտա­ծող կայ թէ «դեռ հո՞ն ենք, չէ՞ հա­սած մոռ­նա­լու պա­հը»):
* * *
Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը միա­ձայն են այն մտա­հո­գու­թեան մէջ, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ հայ բնակ­չու­թեան ահա­բե­կու­մը, կ’աշ­խա­տի Ար­ցա­խը հա­յա­թա­փել (սա շու­կայ կը հան­ուի իբ­րեւ նոր գիւտ): Նման կեց­ուածք եթէ ճիշդ ախ­տա­ճա­նա­չում է, պէտք է նա­եւ տես­նել, որ ըստ էու­թեան՝ կը ջրէ վար­չա­պե­տին տրա­մա­բա­նու­թիւնը (ջրելը ջուր տալ, սնու­ցա­նել չի նշա­նա­կեր…):
* * *
Վար­չա­պե­տը դարձ­եալ կը խօ­սի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­զատ­ման եւ սահ­մա­նա­գի­ծի ճշ­դու­մին մա­սին, երբ ար­դէն ռու­սա­կան խա­ղա­ղա­պահ ու­ժեր հաս­տատ­ուած են Տա­ւու­շի եւ Սիւ­նի­քի մէջ (ո՞վ որո՞ւ վրայ կը խն­դայ): Ան նա­եւ հարց կը դնէ, որ եթէ ՀԱՊ­Կը հա­մա­ձայն չէ խա­ղա­ղա­պահ ուժ ղր­կե­լու, կա­րե­լի է դի­մել ԵԱՀ­Կին կամ այ­լուր: Մա­մու­լին մէջ կր­նայ հրա­տա­րակ­ուիլ «կը փնտռ­ուի» մը): Հայ­կա­կան աշ­խար­հը տա­կա­ւին չ’ըմբռ­ներ, թէ սահ­մա­նագ­ծում ըսե­լով՝ ի՞նչ պէտք է հասկ­նալ. չենք անդ­րա­դառ­նար, որ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւանք­նե­րուն լոյ­սին տակ, քու­լի­սա­յին աշ­խա­տանք կը տար­ուի (յայտ­նա­պէս հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեան հա­մամ­տու­թեամբ), որ կարգ մը շին­ծու սահ­մա­նա­գի­ծեր դառ­նան պաշ­տօ­նա­կան, Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը իրո­ղա­պէս դուրս կը քշ­ուին բե­մէն, կը խո­րա­նայ Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կան կո­րուս­տին մտա­վա­խու­թիւնը: Մարզ­պետ մը կը խոս­տո­վա­նի, որ Տա­ւու­շի մէջ «ազե­րի­նե­րը հո­ղեր ու­նին եւ հա­ւա­նա­բար անոնք վե­րա­տի­րա­նան այդ շր­ջան­նե­րուն» (խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ռազ­մա­գի­տա­կան կէ­տե­րու վրայ գտ­նուող «կղզ­եակ­ներ»ուն), ու­րիշ մը այս վար­կա­ծին հա­մար չք­մե­ղանք կը փնտ­ռէ, թէ՝ ին­չո՞ւ չենք խօ­սիր Արծ­ուա­շէ­նի մա­սին. հարց չի տար, թէ ին­չո՞ւ պէտք չէ խօ­սիլ Շուշիի, Հատ­րու­թի, Քար­վա­ճա­րի եւ ար­ցախ­եան այլ հո­ղե­րու մա­սին, որոնք գրաւ­ուե­ցան կամ առանց փամ­փուշտ մը ար­ձա­կե­լու տր­ուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նին (ար­դէն մոռց­ուած է այն, որ 9 Նո­յեմ­բե­րի այ­լա­պէս անըն­դու­նե­լի եւ չի­րա­կա­նա­ցած, կամ՝ միայն հա­յու­թեան ի վնաս իրա­կա­նա­ցող յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, այդ շր­ջան­նե­րու յանձ­նու­մի մա­սին խօսք չկար, այլ անի­կա իրա­կա­նա­ցաւ… վար­չա­պե­տին իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ՝ բե­րա­նա­ցի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ):
* * *
Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, եր­կու շա­բաթ տե­ւած նիս­տե­րէ ետք, ի վեր­ջոյ ընտ­րեց նա­խա­գահ մը, երեք փոխ­նա­խա­գահ եւ 12 յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ: Ար­ցա­խի կամ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին հա­մար յա­տուկ յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մու­թեան առա­ջադ­րան­քը «բազ­մո­ցին տակ հր­ուե­ցաւ» սնանկ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով: Իշ­խա­նա­կան խմ­բա­կին՝ «պատ­րաստ ենք գոր­ծակ­ցե­լու» բա­րի տրա­մադ­րու­թիւնը գործ­նա­կան դաշտ չհա­սաւ, ընդ­հա­կա­ռակն, քաշք­շու­քը ար­տա­ռոց բե­մադ­րու­թեան մը ակա­նա­տես ըրաւ հե­տե­ւո­ղը: Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը յա­ճախ ին­կան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն ման­կա­միտ (չը­սե­լու հա­մար չա­րա­միտ) թա­կարդ­նե­րուն մէջ (երբ ընդ­հա­նուր խա­ղին մէջ մտած ես, նման ծու­ղակ­ներ ան­խու­սա­փե­լի են): Հի­մա, կար­գը հա­սած է յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ փոխ նա­խա­գահ­նե­րուն ճշդ­ման: Տհա­սու­թիւն ցու­ցադ­րող խա­ղե­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուի՞ն, թէ՞ քիչ թէ շատ խե­լա­միտ ներ­կա­յա­ցող իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու խօսքն ու դրա­կան կեց­ուածք­նե­րը, գոր­ծակ­ցե­լու բա­րի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի սկ­սին գե­րակշ­ռել նո­րե­լուկ եւ «վաս­տա­կա­ւոր» աստ­ղե­րուն փայ­լա­տա­կում­նե­րը…
* * *
«Նե­տած» էինք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր բա­ռա­րան մը մշա­կող կը փնտռ­ուի, որ­պէս­զի յս­տա­կաց­ուին «ար­գիլ­եալ» բա­ռեր: Հի­մա, այդ բա­ռա­րա­նը սկ­սած է յս­տա­կա­նալ. իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը չեն ցան­կար, որ վար­չա­պե­տը կամ իրենք որակ­ուին իբ­րեւ հո­ղա­տու, ան­ձա­տուր եղող, այդ «զէն­քով» սպա­ռա­զին­ուած՝ ժո­ղո­վաս­րա­հէն դուրս կը հա­նեն չոր ու դա­ժան իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը յի­շեց­նող­նե­րը, կը մնան գե­րի այն պատ­րան­քին, որ իրա­կա­նու­թիւնը իր անու­նով չկո­չե­լով, վի­ճա­կը կը բա­րեշրջ­ուի (*): Կրկ­նենք. ի՞նչ անուն պէտք է տալ ազե­րի­նե­րուն կող­մէ չգ­րաւ­ուած ըն­դար­ձակ գօ­տի­նե­րու յանձ­նու­մին: Ի՞նչ անուն կա­րե­լի է տալ նոյ­նինքն Հա­յաս­տան թա­փան­ցած ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րը չվա­նե­լու կրա­ւո­րա­կա­նու­թեան, յայ­տա­րա­րե­լով, որ չ’ար­ժեր այս կամ այն պա­տա­ռի­կին հա­մար պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րել: Սե­փա­կան հո­ղի պաշտ­պա­նու­թիւնը պա­տե­րազմ հռ­չա­կե՞լ կը նշա­նա­կէ…
* * *
Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան զար­գաց­ման եւ խօս­քի ազա­տու­թեան բա­րե­լաւ­ման նո­րա­գոյն ապա­ցոյց­ներ կը տես­նենք. խորհր­դա­րա­նի շէնք մուտ­քի պա­հուն խու­զար­կուող պատ­գա­մա­ւոր­ներ կը խու­զարկ­ուին նա­եւ… ել­քի պա­հուն: Լրագ­րո­ղի մը կ’ար­գիլ­ուի իր գոր­ծը ընել, լրագ­րող­նե­րու աշ­խա­տան­քը կաշ­կան­դում­նե­րու կ’են­թարկ­ուի, խորհր­դա­րա­նի շէնքն ու մին­չեւ իսկ ժո­ղո­վաս­րա­հը եր­բեմն կը խճող­ուի զի­նուո­րա­կան­նե­րով: Ապա­հո­վու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կը «գե­րա­կա­տար­ուին» (ինչ­պէս կը գե­րա­կա­տար­ուէ­ին խորհր­դա­յին օրե­րու ար­տադ­րանք­նե­րը…):
* * *
Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նը ըստ իրենց շա­հե­րուն ճշ­դե­լու ազեր­ի­ա­կան անուղ­ղա­կի փոր­ձե­րը կը շա­րու­նակ­ուին… սահ­մա­նա­յին զին­եալ մի­ջա­դէ­պե­րով: Տա­ւու­շէն մին­չեւ Սիւ­նիք եւ Երասխ, յար­ձա­կում­նե­րը «զբօ­սաշր­ջու­թիւն» կ’ընեն, հասկց­նե­լով, որ սահ­ման­նե­րու ճշ­դու­մին հա­մար, ազե­րի­նե­րը սա­կար­կու­թեան պի­տի նս­տին ՄԵՐ ՀՈ­ՂԵ­ՐՈՒՆ շուրջ, եւ ո՛չ թէ աշ­խար­հագ­րա­կան-պատ­մա­կան ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տե­լու տրա­մադ­րու­թեամբ: Հայ­կա­կան բա­նա­կը ի վեր­ջոյ հրա­հանգ ու­նի հա­կա­դար­ձե­լու ազեր­ի­ա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն գրա­ւող ու­ժե­րը վա­նող­նե­րը գոր­ծա­զուրկ են…:
* * *
Ստե­փա­նա­կեր­տի եւ այլ շր­ջան­նե­րու մէջ, աւե­լի քան մէկ շա­բա­թէ ի վեր ջու­րի տագ­նապ կայ: Կ’ըս­ուի, թէ մա­տա­կա­րա­րող երեք գե­տե­րու ջու­րե­րը նուա­զած են, մէ­կը հա­սած է ցամ­քե­լու վի­ճա­կին: Միայն շշու­կով կը խօս­ուի այն դժ­բախ­տու­թեան մա­սին, որ ջու­րի բազ­մա­թիւ աղ­բիւր­ներ մնա­ցած են ազե­րի­նե­րու «խնամք»ին յանձն­ուած գօ­տի­նե­րուն մէջ, եւ սա նա­խա­ճա­շակ մըն է, թէ «Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փում»ը ինչ­պէ՛ս կր­նայ իրա­կա­նա­նալ:
* * *
Ատր­պէյ­ճա­նի ձեռ­քին գե­րի մնա­ցող­նե­րուն հար­ցը քշ­ուած է չես գի­տեր քա­նի՛երորդ լու­սանցք: Անոնց ըն­տա­նիք­նե­րը քա­նի մը շա­բա­թը մէյ մը նս­տա­ցոյց կ’ընեն կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին առ­ջեւ, գի­տեն, որ վար­չա­պե­տին «գե­րի­նե­րը կր­նան եր­կու ամիս ալ սպա­սել» յայ­տա­րա­րու­թե­նէ ետք ար­դէն ան­ցած է եր­կու ամիս, պա­տե­րազ­մի շղ­թա­յա­զերծ­ման տա­րե­դար­ձը կը մօ­տե­նայ, իսկ Ատր­պէյ­ճան, ակա­նա­պատ­ուած տա­րածք­նե­րու քար­տէս­նե­րը կոր­զե­լէ ետք ալ, գե­րի­ներ իբ­րեւ ահա­բե­կիչ կը դա­տէ եւ բան­տար­կու­թեան կը դա­տա­պար­տէ: Այս բե­մին վրայ, ամէ­նէն հն­չեղ ձայ­նը կու գայ Մար­դու իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նէն, եր­բեմն նա­եւ սա կամ նա երկ­րի մէկ պաշ­տօ­նա­կան կա­ռոյ­ցէն, իսկ Հա­յաս­տան տա­կա­ւին… ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար չու­նի, այս կալ­ուա­ծը կը կա­ռա­վար­ուի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րով մը: Յոյ­սե­րը հի­մա կը կապ­ուին, Լի­լիթ Մա­կուն­ցին, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան նշա­նակ­ուե­լով…
* * *
…Սպա­ռո­ղա­կան շու­կան եւս խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կի մէջ է. ձայն մը կը խօ­սի տն­տե­սա­կան զար­գա­ցու­մի եւ բար­գա­ւա­ճու­մի մա­սին, կ’ըս­ուի, թէ ներդ­րող­նե­րը շար­քի կանգ­նած են, տար­բեր եր­կիր­ներ մր­ցու­մի ելած են Հա­յաս­տա­նին օժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հա­մար: Ան­դին, սղա­ճը (գնա­ճը) առանց Թոքիօ եր­թա­լու՝ մե­տալ­ներ կը շա­հի զանգ­ուա­ծին գր­պա­նին դէմ մր­ցում­նե­րէն: Պեն­զի­նի սա­կը աւե­լի քան 55 առ հա­րիւ­րի բարձ­րա­ցում կրած է (սա ազ­դան­շան է այլ ար­տադ­րանք­նե­րու սա­կե­րու բարձ­րաց­ման): Շշուկ­ներ կ’ար­ձակ­ուին, որ թր­քա­կան ար­տադ­րանք­ներ «վե­րամկրտ­ուած» Հա­յաս­տան կը հաս­նին, «աւե­տե­լով» բա­րե­յոյս հո­րի­զոն­ներ, ուր հայ­կա­կան ար­տադ­րան­քը պի­տի են­թարկ­ուի յա­ւել­եալ նա­հան­ջի ու ճն­շու­մի: Տն­տե­սա­գէտ մը ար­դա­րօ­րէն կը նշէր, որ մար­դիկ կը նա­խընտ­րեն առայժմ հագ ու կապ չհո­գալ, այլ ապա­հո­վել սնունդ եւ այլ կեն­սա­նիւ­թեր):
* * *
Շա­րու­նա­կե՞նք խա­յտաբ­ղէտ խճան­կա­րին ուր­ուագ­ծու­մը, բե­մի մը վրայ, ուր, ինչ­պէս կը տես­նենք, «ամէն մէ­կէն ձայն մը» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ինք­զինք կը պար­տադ­րէ:
Ս. Մահսերէճեան
__________________________________________
(*) կ’ար­ժէ յի­շել 70-ական­նե­րու հե­տեւ­եալ զուար­ճա­լի­քը: Յան­դուգն «խենթ» մը Երե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, Լե­նի­նի ար­ձա­նին առ­ջեւ կը կանգ­նի եւ բարձ­րա­ղա­ղակ կը յայ­տա­րա­րէ. «Պրեժ­նե­ւը ապու­շին մէկն է»: Կը ձեր­բա­կա­լեն, կը դա­տեն, 10 տա­րի 3 ամիս բան­տար­կու­թեան կը դա­տա­պար­տեն: Մար­դը զար­մա­ցած հարց կու տայ. «Սա 3 ամի­սը ին­չո՞ւ աւել­ցու­ցեր էք»: Կը բա­ցատ­րեն: «3 ամի­սը՝ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը վար­կա­բե­կե­լուդ հա­մար, տա­սը տա­րին՝ պե­տա­կան գաղտ­նիք մը բա­ցի տա­լուդ հա­մար…»: