Եւ այս իրադ­րու­թեան մէջ կա­րե­լի չէ ըսել, թէ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կեն­դա­նի, ապ­րող ու շն­չող լե­զու մը չէ, ըն­դու­նե­լով հան­դերձ, որ պե­տա­կա­նու­թե­նէ, հա­մա­խումբ ապ­րե­լէ զրկ­ուած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զու­նե­րը գո­յա­տե­ւե­լու լուրջ ար­գելք­ներ ու­նին: Ու­նինք: Հե­տե­ւա­բար՝ լեզ­ուի գո­յա­տե­ւու­մը ընդ­հան­րա­պէս հա­ւա­քա­կան ճի­գի մը ար­դիւն­քը պի­տի ըլ­լայ: Եւ այդ հա­ւա­քա­կան ճի­գը կ’ար­տա­յայտ­ուի ըն­տա­նի­քի ջամ­բած դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ, եկե­ղեց­ւոյ, միու­թիւն­նե­րու, կի­րակ­նօր­եայ դպ­րոց­նե­րու, առ­ցանց ու­սուց­ման մի­ջոց­նե­րու, բայց հիմ­նա­ւո­րա­պէս՝ ԱՄԷՆՕՐ­ԵԱՅ ԴՊ­ՐՈ­ՑԻ մի­ջո­ցով:
Ըն­դու­նինք, որ վեր­ջին երես­նամ­եա­կին հայ դպ­րո­ցը նուազ հո­գա­ծու­թեան եւ խնամ­քի են­թա­կայ եղաւ: Հասկ­նա­լի է, ամ­բողջ հա­յութ­եամբ Հայ­րե­նի­քի կող­քին ըլ­լա­լու եւ անոր կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կար: Հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն մեր ձգ­տում­նե­րը աւե­լի քան ար­դա­րաց­ուած են, բայց ատի­կա պէտք չէ բե­րէր հասց­նէր հոն, որ դպ­րո­ցը՝ մեր տու­նը, տու­ժէր: Որով­հե­տեւ եթէ չըլ­լայ սփիւռ­քա­հայ դպ­րո­ցը՝ Հայ­րե­նիքն ալ պի­տի պարպ­ուի մեր յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու հո­գի­նե­րէն: Այո՛, քա­նի՜ դպ­րոց փակ­ուե­ցաւ վեր­ջին երես­նամ­եա­կին: 1960-ական­նե­րէն Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան հիմ­նար­կու­թիւնը հս­կա­յա­կան նպաստ­ներ կը յատ­կաց­նէ հայ դպ­րո­ցին ու ներ­կա­յիս հայ գի­րի եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն կ’օգ­նէ: Բայց այս գոր­ծը հա­մազ­գա­յին հո­գա­ծու­թեան առար­կայ դարձ­նե­լու հար­կադ­րան­քին տակ կը ձգէ մեզ:
Մեր օրե­րուն մե­ծա­պէս կը նուա­զի Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մեր դպ­րոց­նե­րուն թիւը: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Քա­նա­տա­յի մեր ամէնօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րը հի­մա մեր ակն­կա­լիք­նե­րուն կի­զա­կէ­տին կը գտն­ուին: Մեր թե­մա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, միու­թիւն­ներն ու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ու մա­նա­ւանդ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րը աւե­լի հո­գա­ծու թա­փով պէտք է շր­ջա­պա­տեն հայ դպ­րո­ցը եւ լր­ջա­գոյն ներդ­րում­ներ կա­տա­րեն դպ­րոց­նե­րը մր­ցու­նակ դարձ­նե­լու, հա­յե­րէ­նի որակ­եալ ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու ու մեր շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը մղե­լու ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ հա­յե­րէ­նով դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու: Ին­ծի հա­մար եր­բեմն ծի­ծա­ղե­լի է այն պա­րա­գան, որ սփիւռ­քա­հա­յեր Հա­յաս­տա­նի մէջ կը փնտ­ռեն արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, «կրանտ»ներ կը խոս­տա­նան, ու ամե­նէն ող­բեր­գա­կա­նը, որ իրենք ալ կ’առա­ջար­կեն լեզ­ուա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու տե­սակն ու ծրա­գի­րը:
Բա­րե­կամ­նե՛ր, եր­կու աշա­կեր­տով աւել­ցու­ցէ՛ք ձեր գա­ղու­թի դպ­րո­ցին աշա­կեր­տու­թեան թիւը, ու­սուց­չաց վե­րա­պատ­րաստ­ման իրաւ աշ­խա­տան­քի մը բե­րէ՛ք ձեր մաս­նակ­ցու­թիւնը, աշա­կեր­տութ­եան ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին եւ ար­տադպ­րո­ցա­կան կեան­քի շր­ջա­նակ­ներ կա­ռու­ցե­ցէ՛ք, կի­րակ­նօր­եայ մը ամէնօր­եա­յի վե­րա­ծե­ցէ՛ք… ահա այդ­պի­սի բա­նե­րով ձեր բա­րե­րա­րու­թիւնը իմաստ եւ ար­դիւնք կ’ու­նե­նայ:
Եւ վեր­ջա­պէս լե­զուն կ’ամ­րագր­ուի, կը տա­րած­ուի, կը կա­նո­նա­կարգ­ուի ԳՐԱ­ՒՈՐ ԽՕՍ­ՔՈՎ: Փառք Աս­տու­ծոյ, տե­սանք, անոր սո­վը չենք ապ­րիր: Յի­շենք, որ, ինչ­պէս միշտ, լե­զուն որա­կա­կան տար­բեր յատ­կա­նիշ­նե­րով ի գործ կը դր­ուի: Որե­ւէ լե­զու, արեւմ­տա­հա­յե­րէնն ալ, ուղ­ղագ­րա­կան բազ­մա­ձե­ւու­թիւն­նե­րը չհաշ­ուած, ու­նի բա­ռա­յին, քե­րա­կա­նա­կան եւ շա­րա­հիւ­սա­կան զու­գա­ձե­ւու­թիւն­ներ (հո­վուն/հո­վին, արե­ւուն/ արե­ւին, Սուր­իոյ/Սուր­իա­յի, ազա­տե­ցաւ/ազատ­ուե­ցաւ, թուալ/թուիլ, լուր կը սպա­սեմ/լու­րի կը սպա­սեմ): Բո­լոր ապ­րող լե­զու­նե­րը նման երե­ւոյթ­ներ ու­նին: Ատոր հա­մար ալ կան լեզ­ուի կա­նո­նա­կարգ­ման մար­մին­ներ, պե­տա­կան տես­չու­թիւն­ներ: Մեր պա­րա­գա­յին ատի­կա լա­ւա­գոյնս կա­տա­րեց ու կը շա­րու­նա­կէ կա­տա­րել լեզ­ուա­գէտ­նե­րու մեծ փա­ղանգ մը (Հայր Ար­սէն Ղա­զիկ­եան, Բեն­ի­ա­մին Թաշ­եան, Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տուր­եան…): Նա­յե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, կան բազ­մա­թիւ ու­ղե­ցոյց­ներ, կայ­քեր, դի­մա­տետ­րի էջեր, որոնք կը քն­նար­կեն մեր գրա­ւոր խօս­քի արատ­նե­րը. կայ հա­մա­տա­րած պայ­քար սխա­լագ­րու­թեան, սխա­լա­խօ­սու­թեան, լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի եւ օտար բա­ռե­րու դէմ: Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եա­նի նշ­մար­նե­րը կը խա­րա­զա­նեն լեզ­ուի հան­դէպ ցու­ցա­բե­րած մեր բո­լոր ան­փու­թու­թիւն­նե­րը:
Ահա­ւա­սիկ այս­պի­սի մշ­տա­կան հո­գա­տա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով է, որ աշ­խար­հաց­րիւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եր­կու տե­սակ չէ: Ֆրան­սա­յէն, Ամե­րի­կա­յէն, արա­բա­կան եր­կիր­նե­րէն մէ­կու մը բե­րա­նա­ցի խօս­քը կր­նայ կրել այդ լե­զու­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւնը, բայց ոչ գրա­ւոր խօս­քը:
Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մէկ է:
Շնոր­հիւ մեր մեծ բծախնդ­րութ­եան:
Ի վեր­ջոյ, կայ լեզ­ուի ոճա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու եր­կար շարք մը: Նիւ­թը իր ոճը կու տայ, տե­ղը իր ոճը կու տայ, հե­րո­սը իր ոճը կու տայ, հե­ղի­նա­կը իր ոճը կու տայ եւ բնա­կա­նա­բար մենք հոս տար­բեր որակ­նե­րու հետ գործ ու­նինք, բայց ոչ տար­բեր «արեւմ­տա­հա­յե­րէն»նե­րու: Մէ­կուն հա­մար կ’ըսենք պարզ լե­զու ու­նի, միւ­սին հա­մար՝ ըն­տիր, նոյ­նիսկ՝ շքեղ, եր­րոր­դի մը հա­մար կ’ըսենք գր­քու­նակ, ճո­ռոմ, ար­դուկ­ուած եւ այլն:
Այո, կան ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նէն շե­ղող պա­րա­գա­ներ: Հա­մա­կարգ­չա­յին ու հա­մա­ցան­ցա­յին գրա­ւոր խօս­քի մէջ աւե­լի կը հան­դի­պինք: Նոյ­նիսկ տպա­գիր գիր­քե­րու մէջ: Ամէն գրո­ղէ, նոյ­նիսկ տա­ղան­դա­շատ գրո­ղէ կա­րե­լի չէ սպա­սել, որ ան­թե­րի լե­զու մը ու­նե­նայ՝ տա­ռաս­խալ­ներ, բա­ռօգ­տա­գործ­ման եւ քե­րա­կա­նա­կան սխալ­ներ կր­նան ըլ­լալ. ահա թէ ին­չու, ամէն գրող պէտք է իր գոր­ծը նախ վս­տա­հի հմուտ լեզ­ուա­գէ­տի մը սր­բագ­րու­թեան, բան մը որ բո­լո­րը կ’ընեն, բա­ցի մեր հե­ղի­նակ­նե­րէն:
Ոմանք կը բո­ղո­քեն, որ հա­յե­րէ­նը աղ­քա­տա­ցեր է եւ զրկ­ուած է հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան եւ գի­տա­կան հա­րուստ բա­ռա­պա­շա­րէ: Պարզ է, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը գի­տու­թիւն­նե­րու ու­սուց­ման ամպի­ոն­ներ չու­նի, չի կր­նար ու­նե­նալ, բայց աղեր­սը անոնց հետ՝ միշտ ալ գո­յու­թիւն ու­նի հան­րա­մատ­չե­լի գրա­կա­նու­թեան մը մի­ջո­ցով: Վկայ մեր թղ­թա­յին թէ ելեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լի քա­ղա­քա­կան-վեր­լու­ծա­կան, ռազ­մա­կան, բժշ­կա­կան, մար­զա­կան, ար­ուեստ­նե­րու, տնա­յին տն­տե­սու­թեան էջե­րը: Ոչ միայն թեր­թե­րը, կան հրա­պա­րակ իջած լր­ջա­գոյն գիր­քեր: Չէ՞ք յի­շեր երաժշ­տա­գէտ Պետ­րոս Ալա­հայ­տոյ­եա­նի, ար­ուես­տա­բան Մով­սէս Հեր­կել­եա­նի յօդ­ուա­ծա­շար­քե­րը: Որ մէ­կը յի­շեմ. վեր­ջերս կը պրպ­տէի բժիշկ Կար­պիս Հար­պոյ­եա­նի մէկ գիր­քը. մտա­ծե­ցի, որ իրօք ես հա­յե­րէն չեմ գի­տեր: Արեւմ­տա­հայ հան­րա­մատ­չե­լի գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւնը մե­զի կու տայ գի­տա­բա­ռե­րու հա­րուստ ատաղձ մը, որ­մէ այն­քան շատ քա­ղե­լիք եւ առ­նե­լիք ու­նի ար­դի արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը:
Սփիւռ­քի մէջ, ուր ալ գտն­ուինք, մենք մի­ա­սին ենք, մէկ ենք մեր լե­զուով, որ կը հո­սի, կ’ապ­րի ու մեզ կ’ապ­րեց­նէ Հայ դպ­րո­ցի մի­ջո­ցով:
(վերջ)
Յակոբ Չոլաքեան