Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած տն­տե­սա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, պա­տե­րազ­մի տա­սը տա­րի­նե­րու դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ բարդ­ուե­լով կը սպառ­նան գա­ղու­թի գո­յու­թեան:
Այս դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը հռե­տո­րա­բա­նութ­եամբ կամ անի­րա­տես վեր­լու­ծում­նե­րով կա­րե­լի չէ յաղ­թա­հա­րել:
Հարկ է սեր­տել գա­ղու­թի գո­յա­տեւ­ման երաշ­խիք­նե­րը, ապա­հո­վել անոնց ամ­րագ­րու­մը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ հե­ռան­կա­րա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լել, ոչ թէ բա­ւա­րար­ուիլ սո­վո­րա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կամ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը ապա­հե­լով, եր­բեմն ալ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս խան­դա­վառ­ուիլ անոնց­մով՝ ստեղ­ծե­լով այն տպա­ւո­րու­թիւնը, թէ ամէն բան լաւ կ’ըն­թա­նայ ու սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի ապա­գան վտանգ­ուած չէ:
Միու­թիւն­նե­րու եր­բեմն ծի­ծա­ղա­շարժ մա­կար­դա­կի հաս­նող մր­ցակ­ցու­թիւնը պա­տաս­խա­նա­տու որոշ մար­դոց տե­սո­ղու­թեան նեղ դաշ­տին մա­սին կը խօ­սի պար­զա­պէս: Հատ­ուա­ծա­կան մտայ­նու­թիւնը չի նպաս­տեր հա­ւա­քա­կան մեր գո­յեր­թի պահ­պան­ման, ընդ­հա­կա­ռակն. տու­եալ միու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կը դարձ­նէ ինք­նան­պա­տակ, իսկ ղե­կա­վա­րու­թիւնը՝ հաւ­կու­րու­թե­նէ տա­ռա­պող: Եր­բեմն կը թուի թէ մոռ­ցած ենք աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քին մա­սին մտա­ծե­լը եւ բա­ւա­րար­ուած ենք այդ աշ­խա­տան­քը իրա­կա­նա­ցած տես­նե­լով՝ ար­դիւ­նա­ւէտ ըլ­լայ, թէ չըլ­լայ ան… ար­դիւն­քը երկ­րոր­դա­կան է կար­ծէք:
Այ­սօր մր­ցակ­ցու­թիւնը չէ մեր միու­թիւն­նե­րուն գո­յու­թեան նպա­տա­կը, այլ գա­ղու­թի գո­յեր­թի լր­ջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը ըմբռ­նե­լու գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապն­դումն ու հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծում­նե­րու որոն­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է:
Պա­հը կը թե­լադ­րէ սեր­տել եւ քն­նել թէ նման պայ­ման­նե­րու մէջ քա­նի՞ տա­րի պի­տի գո­յա­տե­ւեն մեր վար­ժա­րան­նե­րը, մեր երի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րը, եթէ երի­տա­սար­դու­թեան տն­տե­սա­կան, ըն­տա­նե­կան, ըն­կե­րա­յին, կեն­ցա­ղա­յին, աշ­խա­տան­քա­յին եւ ու­սում­նա­կան կա­րիք­նե­րը գո­հաց­նող նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րը չա­պա­հով­ուին այս երկ­րին մէջ:
Ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րէն ու անոնց առ­թած ժա­մա­նա­կա­ւոր խան­դա­վա­ռու­թե­նէն ան­դին, ինչ­պի­սի՞ ծրա­գիր­ներ պէտք է մշա­կեն գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներն ու հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը՝ ապա­հո­վե­լու անոր գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­կան երաշ­խիք­նե­րը.- տն­տե­սա­կան աղ­բիւր­ներ, աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թիւն­ներ, ապ­րուս­տի դիւ­րու­թիւն­ներ, մշա­կոյ­թի եւ ինք­նու­թեան սիւ­նե­րու ամ­րապնդ­ման երաշ­խիք­ներ եւ այլն: Տն­տե­սա­կան, կալ­ուա­ծա­յին, մարդ­կա­յին ինչ­պի­սի՞ յե­նա­րան­ներ ու­նի սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը, այդ յե­նա­րան­նե­րու օգ­տա­գործ­ման եղա­նակ­նե­րը ինչ­պէ՞ս պէտք է վե­րամ­շա­կել, յար­մարց­նել ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն, որ­քա՞նը պա­հել եւ ինչ­պի­սի՞ ծրա­գիր­նե­րով աշ­խա­տիլ անոնց որա­կի բա­րե­լաւ­ման հա­մար եւ այլն:
Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն գա­ղու­թը կր­նայ մատն­ուիլ թիւի կրկ­նա­կի նօս­րաց­ման, տար­բեր մար­զե­րու մէջ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նա­փակ­ման այն­պի­սի կա­ցու­թիւն­նե­րու, որոնց լոյ­սին տակ մեր գո­յեր­թը բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ կր­նայ կանգ­նիլ:
Միւս կող­մէ, սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թիւնը կը վկա­յէ, որ տար­բեր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու դի­մաց ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մով, յատ­կա­պէս գա­ղու­թի պահ­պան­ման կառ­չած մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը քա­ջա­լե­րող, անոր գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­ներ ապա­հո­վող մի­ջա­վայ­րի ստեղ­ծու­մով, կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը դիւ­րաց­նող մի­ջոց­նե­րու ապա­հո­վու­մով կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել այս տագ­նա­պը եւ սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի ապա­գա­յի ուր­ուագծ­ման երաշ­խիք­նե­րը կա­յուն հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տել:
Տն­տե­սա­կան թէ մարդ­կա­յին ու­ժի մս­խում­նե­րէ զերծ մնա­լով, այդ ու­ժե­րը ուղ­ղոր­դե­լու, նո­րե­րը պատ­րաս­տե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մշա­կե­լով միայն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ դի­մագ­րա­ւել գա­ղու­թին սպառ­նա­ցող վտան­գը:
Այս բո­լո­րը լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կը հրա­ւի­րեն բո­լոր անոնք, որոնք կը հա­ւա­տան սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան: