Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոսին, Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ սահմանի իրավիճակին առնչութեամբ փակ քննարկում, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչը: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան` յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` արեւելեան սահմանագօտիին, այնպէս ալ` Երասխ-Սադարակ ուղղութեամբ ստեղծուած վիճակին-մարտավարական իրադրութեան մասին: «Ես խմբակցութիւններու անդամներուն ներկայացուցի, թէ ինչպիսի՛ իրադրութիւն ստեղծուած է եւ ներկայ դրութեամբ ի՛նչ վիճակ կը տիրէ: Կրնամ փաստել, որ գործնական-մարտավարական իրադրութեան մէջ զինեալ ուժերը կանգնած են իրենց դիրքերուն վրայ, թշնամիին շարք մը սադրիչ գործողութիւններուն կու տան արժանի պատասխան, ու եթէ մեր հանրութեան մէջ կը տարածուին տեղեկութիւններ, թէ մենք կ՛ունենանք կորուստներ, իսկ թշնամին անկորուստ է, ապա պէտք է ըսեմ, որ ատիկա այդպէս չէ, իրականութեան չի համապատասխաներ. Թշնամին նոյնպէս ունի մարդկային կորուստներ: Մենք կը վերահսկենք մեր սահմանները, եւ զինեալ ուժերը, մեր բանակին առաջադրուած այդ հարցը մենք պիտի կատարենք պատիւով», յայտնեց զօր. Էդուարդ Ասրեան: