19 Օգոստոսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան այցելած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան` Բիւրականի մէջ տեղի ունեցող բանակումի մասնակիցներուն: «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր» խորագիրը կրող բանակումը համախմբած է մօտաւորապէս 200 երիտասարդներ` Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերէն եւ Արցախէն: Երիտասարդներու հետ հանդիպումին ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր համարած է յատկապէս պատմական այս ժամանակաշրջանին ազգային մտածողութիւն ունեցող, հայրենատէր եւ պահանջատէր երիտասարդներուն գործուն ներգրաւումը պետական, հասարակական եւ համայնքային նշանակութեան հարցերու լուծման: Իշխան Սաղաթէլեան շեշտած է նաեւ, որ երիտասարդները պիտի որոշեն մեր հայրենիքի ապագան, ու մեծապէս անոնց ուսերուն դրուած է պետականութեան պահպանման, նոր որակի ազգային պետութեան ստեղծման եւ մեր ոտնահարուած արժանապատուութեան վերականգնման համար պայքարի պատմական առաքելութիւնը: