Ուրբաթ, 20 Օգոստոս 2021-ին
Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա ալ Ասատի ներկայութեամբ, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքին վիրաւորը» մարզական միջսուրիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը։
Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ բացման գեղարուեստական յայտագիրին, արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։