Հինգշաբթի, 19 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 23:03-ին, Իսրայէլ Պէյրութի հարաւարեւելեան շրջաններէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի եւ Հոմսի ուղղութեամբ։
Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։