23 Օգոստոս 2021-ին «Հայաստան» դաղինքը յայտարարութիւն տարածած է Արմէն Չարչեանի կալանքին առնչութեամբ. «Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեան` կատարելով Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուղիղ ցուցումը, որոշեց իրաւական ամենաթողութեամբ կալանաւորել Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, մէկ ամիս ազատութեան մէջ գտնուող, մշտապէս պատշաճ վարքագիծ դրսեւորած փրոֆէսոր Արմէն Չարչեանը: Կալանքը` իբրեւ միակ խափանման միջոց քաղաքական գործերը դիտարկելու ձեւ, այս իշխանութեան կայուն ձեռագիրն է, խախտելով սահմանադրական եւ իրաւական սկզբունքները մարդու ազատութեան իրաւունքին նկատմամբ: Նշուածը պայմանաւորուած է մէկ անձի ծայրայեղ վախով: Անկախութեան հռչակագիրի օրը մեր անկախութեան դէմ պայքարող իշխանութիւնները «Հայաստան» խմբակցութեան երեք պատգամաւորին որոշած են պահել պատանդի կարգավիճակով: Նշեալէն մեր հանրութիւնը անգամ մը եւս համոզուեցաւ այս իշխանութիւններուն` հանրային համերաշխութեան հերթական սուտ ու կեղծ օրակարգը որդեգրելը: Պատահական չենք համարեր, որ այս խայտառակ որոշումը առնուեցաւ սահմանային լարուած իրավիճակին ու կառավարութեան ծրագիրին ներկայացումէն առաջ: Մեր արձագանգը այս ապօրինութիւններուն համարժէք պիտի ըլլայ»: