«Երկիր Մետիա».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Պեգլարեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 22 Օգոստոսին առցանց քննարկում ունեցած են Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի եւ մարդասիրական օգնութեան բարեգործական կազմակերպութեան անդամներուն հետ։ «Առցանց հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ատրպէյճանա-թրքական յարձակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին եւ Արցախի կառավարութեան ու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէն իրականացուող մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին տակ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն վերականգնումին», յայտնած են Արցախի ՄԻՊ գրասենեակէն: Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են պարոնուհի Քոքսին եւ անոր խումբին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ներդրած իրենց ջանքերուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու սերտ գործակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու շուրջ։ Պարոնուհի Քոքս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է շարունակելու պայքարը ատրպէյճանական վայրագութիւններուն եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն առնչութեամբ միջազգային կառույցները իրազեկելու, Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական հարցերու կարգաւորման աջակից ըլլալու համար։