23 Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը արտասանած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին ընդունման 31-ամեակին առիթով: «Կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին ընդունման 31-ամեակին առիթով: 23 Օգոստոս 1990-ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին ընդունած Անկախութեան հռչակագիրը ազդարարեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացին սկիզբը: Անկախութեան հռչակագիրին տարեդարձը աշխատելու եւ արարելու, պատասխանատու եւ կարգապահ ըլլալու, համախմբուած ու համերաշխ, իսկապէս ուժեղ երկիր կառուցելու պարտաւորեցնող ազդակ է: Հաւատարիմ մնանք եւ պաշտպան ըլլանք մեր անկախութեան, մեր պետականութեան, մեր ինքնութեան»: