«Սվո­պոտ­նա­յա փրե­սա» կը հա­ղոր­դէ, որ Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան Ուք­րան­իոյ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Զե­լենսքիի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին դարձ­եալ աջակ­ցու­թիւն յայտ­նած է Ուք­րան­իոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան:
«Վս­տահ եմ, որ «Խրի­մի հար­թակ»-ը իրա­կան գոր­ծիք պի­տի դառ­նայ ապօ­րի­նա­բար բռ­նագ­րաւ­ուած Խրի­մի ազա­տագ­րու­թեան գոր­ծին մէջ», Էր­տո­ղա­նի խօս­քը կը մէջ­բե­րէ Զե­լենսքիի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւնը:
Յի­շեց­նենք, որ զրոյ­ցէն մէկ օր առաջ Թուրք­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թիւնը յայտ­նած էր, որ երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լութ Չա­ւուշ­օղ­լու պի­տի մաս­նակ­ցի Քի­ե­ւի նա­խա­ձեռ­նած «Խրի­մի Հար­թակ» հա­մախմ­բու­մի առա­ջին հան­դի­պու­մին: